Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Յովսէփ անուան միաբանութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Յովսէփ անուան միաբանութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դարձէք արդարութեան եւ հաղորդութեան արհեստաւորներ»։

Սուրբ Յովսէփ» անուան միաբանութիւնը հիմնուած է 150 տարի առաջ՝ 19 մարտ 1873ին, ձեռամբ Սուրբ Լեոնարտօ Մուրիալտոյին, ունենալով որպէս նպատակ հոգ տանիլ աշխատաւոր երիտասարդներուն կազմաւորումին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Յովսէփ» անուան միաբանութեան անդամները, միաբանութեան հիմնադրութեան 150-րդ տարեդարձին առթիւ, որ հիմնուած է 19 մարտ 1873ին, ձեռամբ Սուրբ Լեոնարտօ Մուրիալտոյին, ունենալով որպէս նպատակ հոգ տանիլ աշխատաւոր երիտասարդներուն կազմաւորման։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Լեոնարտոն կ՝աշխատէր Թորինօ քաղաքին մէջ, ուր կը տիրէր բարոյական, մշակութային, տնտեսական աղքատութիւն, որուն դիմաց անտարբեր չմնաց, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ այդ կացութեան դիմաց ծնաւ իրականութիւն մը որ մէկ ու կէս դարուան ընթացքին հարստացաւ անձերով, գործերով, տարբեր մշակութային փորձառութիւններով, յատուկէն մեծ սիրով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր առաքելական յորդորը Սուրբ Յովսէփ միաբանութեան առաքելութեան եւ կեանքին համար։

Աստուծոյ սիրոյ առաջնահերթութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը խորապէս բնորոշեց Սուրբ Լեոնարտոյի կեանքը։ Ան ինքն իր մէջ խորապէս, շօշափելի կերպով զգաց Աստուծոյ սէրը, որ դարձաւ իր կեանքին ու առաքելութեան գաղտնիքը։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց միաբանութեան անդամները թոյլ տալու սիրուելու Աստուծոյ կողմէ՝ Իր սիրոյ հաւատարիմ վկաները դառնալու համար։

Ուշադրութիւն աշխարհին որ կը փոխուի

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ Սուրբ Լեոնարտոն խորհրդազգաց մարդ մը էր։ Ան ուշադիր էր ուրիշներու դժուարութիւններու, հոգ կը տանէր դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն, աշխատաւոր երիտասարդներուն կ՝ուսուցանէր ծրագրել իրենց ապագան ու իրենց ձայնը լսելի դարձնել, իրարու օգնելով։

«Սուրբ Լեոնարտոն, իմաստուն եւ բաց մարդ մըն էր» ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով մշակել անոր միեւնոյն ձիրքն ու քաջութիւնը՝ արդարութեան եւ հաղորդութեան արհեստաւորներ դառնալու համար։

Եղբայրսիրութեան հայրական անուշութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միաբանութեան անդամները որ իրենց խարիզմի արժէքը՝ եղբայրսիրութեան հայրական անշութիւնը փնտռեն ու ապրին իրարու միջեւ՝ եղբայրութեան հոգիով ու զայն կիրարկել բոլորին հանդէպ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց կրկնելով Սուբր Լեոնարտոյին հրաւէրը, արագօրէն սուրբեր դառնալու «որովհետեւ սուրբերը ունին հեռատես հայեացք, կեանքը կը դարձնեն աւելի մարդկային, կը հաղորդեն յոյս ու վստահութիւն եւ գիտեն կիսել իրենց փորձառութիւնը, որ Աստուած սէր է։ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան անդամներուն, Սուրբ Լեոնարտոյի հետքերու հետեւելով ու ներշնչուելով Սուրբ Յովսէփէն, եկեղեցիէն ներս իրենց կատարած աշխատանքներու համար, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը յանձնարարելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2023, 10:45