Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը կարդինալ Քարլ Ժոզէֆ Ռաուպերի մահուան առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
26 Մարտին իր մահկանացուն կնքած 89 ամեայ գերմանացի կարդինալ Քարլ Ժոզէֆ Ռաուպերի մահուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց, Մենզ թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Փիթեր Քոհլկրաֆին։
Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ տխրութեամբ իմացաւ, թէ Տէրը իր ծառան, Կարդինալ Քարլ Ժոզէֆ Ռաուպերը այս անցնող աշխարհէն կանչեց դէպի յաւիտենականութիւնը, աւելցնելով որ հանգուցեալին քահանայական եւ եպիսկոպոսական կեանքը յատուկէն բնորոշուած էր Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ծառայութիւնով ու անձնուիրութեամբ կարողացած է աշխատիլ Աստուծոյ ժողովուրդին միութեան համար՝ ըլլայ Քուրիայի մօտ, ըլլայ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ իբրեւ Պապական նուիրակ։
Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց թէ, հանգուցեալ կարդինալը, որպէս եկեղեցւոյ ճշմարիտ հովիւ, անոր ամէն մէջ ժեսթը լեցուն էր Քրիստոսի սէրով, որ զայն կ՝առաջնորդէր իրեն համար չպահել, այլ առանց բացառութեան եւ մարդկային ուրախութեամբ հաղորդել։
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրը աւարտեց մաղթելով, որ վախճանեալ ծիրանաւորը այժմ յաւերժ գովաբանէ Փրկիչին ողորմած սէրը ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը բոլոր անոնց որոնք կը յիշեն հանգուցեալ ծիրանաւորը աղօթքի եւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ