Քոլոմպիա, բնիկ ժողովուրդ Քոլոմպիա, բնիկ ժողովուրդ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Այսօրուան նոր գաղութատիրութիւնը կեղծ է, դա յանցագործութիւն է եւ խաղաղութեան խոչընդոտ»

Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մասնակիցներու ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը դատապարտէ ժողովուրդներու շահագործումն ու անտեսումը՝ տնտեսական եւ գաղափարական պատճառներու բերումով, Ան ապա ներողում կը հայցէ այն բոլոր հաւատացեալներուն համար որոնք նպաստեցին Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ տիրապետութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպութեամբ, Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառին, համ ամերիկեան ընկերային իրաւունքներուն եւ Ֆրանչիսկեան վարդապետութեան յանձնախումբի եւ Մասաչուսէթս համալսարանին, 30էն-31 մարտ, Վատիկանի «Քազինա Փիօ Դ» անուան դահլիճին գումարուեցաւ համագումար «Գաղութատիրութիւնը, ապա գաղութացումը եւ նոր գաղութատիրութիւնը, ընկերային արդարութեան եւ ընդհանուր բարիքի հեռանկար» վերնագիրով։

Վերոյիշեալ համագումարի մասնակիցներուն ուղղած ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ ժողովուրդներուն շահագործումը՝ ուժի , մշակութային կամ քաղաքական ներթափանցման միջոցաւ, յանցագործութիւն է քանի, որչկայ աշխարհ մը, որ մէկդի կը դնէ ժողովուրդները՝ զիրենք ճնշելու համար։ Փաստօրէն ատիկա չ՝իրականացուիր՝ եթէ քաղաքական համակարգի ներկայացուցիչներուն մէջ չ՝իրագործուիր՝ մեկուսացուած ժողովուրդներուն իսկական համալրում՝ բաժիններու համակարգի միջոցաւ։


Համագումարին մասնակիցներուն յղած Ուղերձին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներողութիւն կը խնդրէ ՝հաւատացեալներու կողմէ կատարուած արարքներուն համար, որոնք նպաստեցին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով Ամերիկայի եւ Ափրիկէի տարբեր ժողովուրդներու քաղաքական եւ տարածքային տիրապետութեան գործընթացներուն։

Ապա Քահանայապետը ներում կը հայցէ ներկայիս գործուած սխալներու կամ բացթողումներու համար ու կը վերահաստատէ իր հաստատ կամքը գործելու եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան համաձայն ու աշխատելու մարդկութիւնը խոցող նոր գաղութատիրութեան գործընթացներուն շրջումին նպատակաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2023, 11:24