«Յիսուսն է `որ այսօր կը լուայ ձեր ոտքերը». Ֆրանչիսկոս Պապը բանտարկեալ երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի 6 ապրիլ 2023ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի պատանիներու Քազալ Տէլ Մարմօ բանտը, ուր որոշած էր այս տարուայ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ պատարագը եւ ոտնլուայի արարողութիւնը կատարել, ճիշտ այնպէս ինչպէս ըրած էր 2013ին։
Պատարագ Քազալ Տէլ Մարմօ բանտի մատրան մէջ
Բանտ ժամանումին Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ բանտին տնօրէնուհիին կողմէ, որ զինք առաջնորդեց բանտին մատուրը, ուր զինք կը սպասէին 14էն 25 տարեկան 50 երիտասարդ բանտարկեալներ` եւ ուր Ան նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան, զոր մատոյց Բանտին երիտասարդ մատրանապետը։
Սուրբ զոհին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց յաւուր պատշաճի քարոզը, զոր կեդրոնացուց Յիսուսին աւագ հինգշաբթի օր կատարած արարքին վրայ, երբ Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։
Յիսուսին արարքը
Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ որ «այդ ժամանակ ծառաներուն կ՛իյնար ոտքերը լուալը, այդ մէկը ստրուկի գործ էր», ուստի «աշակերտները զարմանքով ընկալեցին Յիսուսին ըրածը»։
«Բայց ինք այդ մէկը կատարեց անոնց հասկցնելու համար յաջորդ օրուան պատգամը, թէ ինք պիտի մեռներ ստրուկի նման, մեր բոլորիս պարտքը վճարելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մէկը միւսին օգնութեան հասնիլ փոխանակ մէկը միւսը խաբելու, շահագործելու։
«Յիսուս իր այդ արարողութեամբ մեզի կ՛ուզէ սորվեցնել սրտի ազնուութիւնը։ Ան գիտէ ամէն բան ու մեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ ենք եւ կը լուայ մեր բոլորիս ոտքերը։ Յիսուս վախ չունի մեր տկարութիւններէն, վախ չունի, որովհետեւ Ան արդեն վճարեց անոնց գինը, կ՛ուզէ պարզապէս մեզի ընկերանալ, կ՛ուզէ մեր ձեռքէն բռնել, որպէսզի կեանքը դաժան չ՛ըլլայ մեզի համար» ըսաւ անա Քահանայապետը։
Յիսուսն է` որ կը լուայ ոտքերը` Յիսուս մեզ փրկեց
Ան ապա ակնարկեց ընկերութեան մէջ ապրուած անարդարութիւններուն, ու նշեց թէ «ամէնքս ալ կրնանք սխալներ գործել» աւելցնելով, որ «այն գիտակցութիւնը, թէ մենք կարող ենք սխալիլ մեզի կու տայ մեղաւոր ըլլալու արժանապատուութիւնը։ Յիսուս ուզեց ոտքերը լուալ, որպէսզի մեզի ըսէ. «Ես եկած եմ ձեզ փրկելու, ձեզի ծառայելու»։ «Ոտնլուայի ժամանակ դուք մտածեցէք. «Յիսուսն է` որ կը լուայ ոտքերս, Յիսուս մեզ փրկեց» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Քարոզէն անմիջապէս ետքը Ան լուաց տարբեր ազգութիւններու պատկան` տասը բանտարկեալներուն ոտքերը ` հինգը անչափահաս էին ու հինգը չափահաս, ու նաեւ երկու երիտասարդուհիներու ոտքերը` մէկը չափահաս ու միւսը անչափահաս։
Քահանայապետին նուէրները
Սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց մատուռի բացման յուշատախտակը, նուիրուած է երանելի Փինօ Փուլյիզիին։ Այնուհետև, ողջունելով որոշ բանտարկեալներ, Քահանայապետը որպէս նուէր ստացաւ ատաղձագործութեան դասընթացին հետևող պատանիներու կողմէ պատրաստուած խաչ մը, եւ ուտեստեղէններու փաթեթ մը, պատրաստուած բանտին մէջ վերջերս բացուած մաքարոնեղէնի գործարանին մէջ: Նորին Սրբութիւնը Բանտի տնօրէնուհիին, բանտապահներուն ու բանտարկեալներուն նուիրեց վարդարաններ եւ կոլոհաթի հաւկիթներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ