Papa, Santa Sede ha in corso missione di pace

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ

Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը միջնորդ դառնալու ուքրանացի մանուկներուն տուն վերադարձին, խաղաղութիւնը, համամիութենական երկխօսութիւնը, առողջական վիճակը, Լիզպոնի ԵՀՕ, հունգարիոյ ճամբորդութիւնը ու Փարթենոնի քանդակներու բեկորներու վերադարձը Յունաստանին, եղան Սրբազան Քահանայապետին շօշափած նիւթեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 ապրիլ 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին Հռոմ վերադարձի թռիչքին ընթացքին սովորութեան համաձայն հանդիպում ունեցաւ ու զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, պատասխանելով իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն, որոնցմէ առաջինը ուղղեց Հունգարացի լրագրող մը հարց տալով ,թէ ի՞նչ են անոր տպաւորութիւնները Հունգարիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներու մասին։

Քահանայապետը խօսեցաւ Պուէնըս Այրէսի մէջ Հունգարացիներուն հետ ունեցած կապերու մասին` վաթսունական թուականներուն ընդգծելով, թէ իր կարծիքը հունգարացիներու նկատմամբ չէ փոխուած այլ հարստացաւ։

Երկրորդ հարցումը ուղղեց Իտալացի «Աճի» լրատու գործակալութեան լրագրողուհին, մատնանշելով Քահանայապետի քարոզին, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց բանալու եսասիրութեան դռները եւ ասկէ մեկնելով հարց տուաւ եթէ Քահանայապետը Վարչապետ Օրպանին հետ եւս քննարկած է հարցը, ապա ակնարկեց Հիլարիոն Մետրոպոլիտին հետ հանդիպումին նհարց տալով, եթէ Հիլարիոնն ու Օրպանը կարող են բացուածքի խողովակներ դառնալ դէպի Մոսկուա, արագացնելու համար Ուքրանիոյ խաղաղութեան գործընթացը։

Խաղաղութեան խողովակները

Հարցումին պատասխանելով Սրբազան Պապը հաստատեց, թէ խաղաղութիւնը կը կատարուի խողովակներ բանալով ու թէ կարելի չէ խաղաղութեան ձգտիլ փակումներով։ «Կը հրաւիրեմ բոլորը բանալու բարեկամութեան խողովակներ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ գաղթականներու հարցի մասին ինք խօսած է բոլորին հետ ու թէ հարցը պէտք է դիմագրաւէ Եւրոպան ու թէ գաղթականութեան երեւոյթէն տառապող երկիրները հինգ են` Կիպրոսը, Յունաստանը, Մալթան, Իտալիան եւ Սպանիան ու «եթէ Եւրոպան յանձն չ՛առնէ հարցը անիկա պիտի կշռէ այդ հինգ երկիներուն վրայ»։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ ծնելիութեան հարցին ու որոշ երկիներու մէջ ինչպէս Իտալիան եւ Սպանիան, ուր ծննդաբերութեան տոկոսը ցած է։  «Լաւ ծրագրուած ներգաղթի ծրագիր մը կարող է օգնել այդ երկիրներուն» յարեց Նորին Սրբւթիւնը։

Համամիութենական կապերը

Խօսելով Հիլարիոնի մասին Սրբազան Պապը նշեց, թէ ինք յարգանք ունի Անոր նկատմամբ։ «Խելացի մարդ է, որուն հետ կարելի է խօսիլ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով, թէ այդպիսի կապեր կարեւոր են համամիութենական գործընթացին համար։ Այս առնչութեամբ Ան անդրադարձաւ Քիրիլ Պատրիարքին եւ Մետրոպոլիտ Անթոնիի հետ կապերու մասին ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ռուսիոյ դեսպանին հետ իր յարաբերութիւններու մասին։ Քահանայապետը նշեց նաեւ, թէ ինք վարչապետ Օրպանին եւ Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ քննարկած է զանազան հարցեր, որոնց շարքին նաեւ խաղաղութեան հարցը։ «Ես պատրաստակամ եմ ամէն ինչ ընելու խաղաղութեան համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսելով առաքելութեան մը մասին որ տակաւին հանրային չէ։

Առողջական իրավիճակը եւ յաջորդ ճամբորդութիւնները 

Հարցումին, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է իր առողջութիւնը ու թէ եթէ Լիզպոնի յառաջիկայ ճամբորդութիւնը հաստատուած է Քահանայապետը ակնարկեց մի քանի շաբաթներ առաջ իր ունեցած առողջապահական հարցին, որուն բերումով ստիպուած եղած էր հիւանդանոց փոխադրուիլ ու նշեց, թէ «փառք Աստուծոյ այժմ աւելի լաւ է» ու թէ «Լիզպոնի ճամբորդութիւնը առ այժմ ուժի մէջ է»։ «Յուսամ կարողանամ կատարել ճամբորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով նաեւ, թէ ծունկի հարցն ալ բաւականին լաւացած է։ Ան նշեց նաեւ թէ օրակարգի վրայ կայ տակաւին Մարսիլիա, Մոնկոլիա եւ այլ ճամբորդութիւն մը։

Փարթենոնի քանդակներու բեկորները

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ վերջերս Յունաստանին Վատիկանի կողմէ վերադարձուած Փարթենոնի քանդակներու երեք բեկորներ նշելով թէ ասիկա կը համապատասխանէ եօթներորդ պատուիրանին, «եթէ գողցած ես պէտք ես վերադարձնել» ըսաւ Ան ապա նշեց թէ եթէ հակառակ պարագային նման այլ խնդրանքներ հասնին պէտք է հարցերը քննարկել զատորոշում կատարելով։ Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ թէ Քանատայի բնիկներուն պատկանած հնութիւնները վերադարձնելու գործողութիւնն ալ ընթացքի մէջ է եւ աւելցուց «երբ կարելիութիւնը կայ վերադարձնելու պէտք է ընել այդ մէկը»։

Ուքրանիոյ մանուկները

Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած այլ հարցում մը կը վերաբերէր Ուքրանացի Վարչապետին Քահանայապետին ներկայացուցած խնդրանքին որպէսզի միջնորդ ըլլայ ուքրանացի մանուկները իրենց տուները վերադարձնելու համար։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց որ Սուրբ Աթոռը արդեն այդպիսի գործողութիւններ ըրած է ու թէ կը մաղթէ որ այս հարցին մէջ ալ օգտակար դառնայ։ «Բոլոր մարդկային արարքները կարող են օգնել, մինչ դաժանութեան գործողութիւնները չեն օգներ։ Մենք պէտք է կատարենք ամէն բաները որ մարդկայնօրէն կարելի է» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով կիներուն որոնք մարդավաճառութեան եւ անգղներու թիրախ կը դառնան խնդրելով ուշադիր ըլլալ այդ հարցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2023, 20:30