2022.04.15 Via Crucis

Ֆրանչիսկոս Պապը Ճանապարհ Խաչիին պիտի հետեւի Տոմուս Սանթա Մարթայէն

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց թէ ցուրտին հետեւանքով Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայ պիտի չի գտնուի Քոլլոսէումի աւանդական Ճանապարհ Խաչի արարողութեան

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Ի տես այս օրերուն խիստ ցուրտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր երեկոյեան Ճանապարհ Խաչի արարողութեան պիտի հետեւի Տումուս Սանթա Մարթայէն»։ Այս տողերով է որ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց թէ Նորին Սրբութիւնը ներկայ պիտի չի գտնուի այսօր երեկոյեան ժամը 9,15ին Աւագ Ուրբաթ օրուայ առթիւ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին նախատեսուած Ճանապարհ Խաչի արարողութեան։ Նոյն աղբիւրը ապա հաստատեց` որ Քահանայապետը պիտի միանայ «բոլոր անոնց աղօթքին, որոնք Հռոմի Թեմին հետ միասին պիտի համախմբուին Քոլլոսէումի մօտ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2023, 15:29