Աւագ Երկուշաբթի օրուայ Քահանայապետին թուիթը` «Աստուած մուտք գործեց պատմութեան մէջ խաչի ուղիով»
«Խաչուած Քրիստոսը ի հեճուկս արտաքին երեւոյթին, պարտուող մը չէ, այ Աստուած է` որ կամովին ինքզինք կը նուիրէ իւրաքանչիւր մարդու»։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Երկուշաբթի 3 ապրիլին` Աւագ Երկուշաբթի օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
Այս տողերը քաղուած են Ֆրանչիսկոս Պապին Սլովաքիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս` 14 սեպտեմբեր 2021ին մատուցած պատարագի քարոզէն ուր Նորին Սրբութիւնը հաստատած էր նաեւ թէ «Խաչուած Քրիստոսը ի հեճուկս արտաքին երեւոյթին, պարտուող մը չէ, այ Աստուած է` որ կամովին ինքզինք կը նուիրէ իւրաքանչիւր մարդու»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
03/04/2023, 12:30