Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դրամական գայթակղութիւնները կը վնասեն եկեղեցւոյ եւ հաւատքի հաւատալիութեան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 21 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Papal Foundation հիմնարկի անդամները եւ այս առթիւ ներկաներուն ուղղած պատգամին սկիզբը Ան նշեց, որ Տիրոջ Սուրբ Պետրոսին ու անոր յաջորդներուն յանձնած հանրային պատասխանատուութիւնը, տարբեր ձեւերով, ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կիսուած է իր առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար Քահանայապետին օգնող իրականութիւններուն հետ, որոնց շարքին է «Papal Foundation հիմնարկը։
Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց վերոյիշեալ հիմնարկին եւ Քահանայապետին առաքելութեան հետ կապուած երկու երեւոյթներ։
Առաջին՝ միութեան խթանումը
Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ «մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ ինչպէս եկեղեցւոյ միութիւնը վիրաւորուած է բաժանումէն, ու թէ սատանան է այդ բաժանումին դերակատարը։ Ան նշեց, որ Սուրբ Պօղոս նորածին եկեղեցին նախազգուշացուած էր այդ բաժանումի միջոցներէն, որոնք մակերեսօրէն կամ ամբողջութեամբ կը մերժեն եկեղեցւոյ էութիւնը՝ որպէս բազմազանութեան մէջ միութիւն, որպէս միութիւն առանց միակերպութեան (1 Կորնթ 3,1-9; Հռոմ16,17-18)։
Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ Papal Foundation հիմնարկի անդամները խրախուսուած անկեղծ հաւատքէ եւ վառ փափաքէ՝ մէկը միւսին օգնելու, այդ բաժանումներէն աւելի բարձր կը մնան եւ կը խթանեն միութիւնը, ամէն տարի ֆինանսաւորելով բազմաթիւ ծրագիրներ եւ կրթաթոշակներ, որոնք կենսական օգնութիւն կը տրամադրեն աշխարհի մէջ սփռուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, առանց նախապաշարումներու եւ խտրականութեան։
Երկրորդ՝ Եկեղեցւոյ մէջ թափանցիկութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Աթոռը վերջին տարիներուն մեծ կարեւոր քայլեր ձեռնարկեց ապահովելու համար, որ տիեզերական եկեղեցւոյ ու ընդհանրապէս ընկերութեան մատուցուած ծառայութիւնները՝ Սուրբ Աթոռի տարբեր վերատեսչութիւններուն, հաստատութիւններուն կողմէ, թափանցիկութեամբ կատարուին, այս մէկը նկատելով` «յոյժ կարեւոր» բարեսիրական գործերու համար, որ կը վստահի աշխարհի մէջ բազմաթիւ անձերու առատաձեռնութեան բարի կամքին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Papal Foundation» հիմնարկի անդամներուն՝ թափանցիկութեան միջոցները պահպանելու մշտական յանձնառութեան համար, որպէսզի կրթաթոշակներու եւ ծրագիրներուն ֆինանսաւորումը իսկապէս օգտակար դառնան կարիքաւորներուն ու նպաստեն երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան կառուցումին։ Ան ապա հայցելով եկեղեցւոյ Մայր, Տիրամօր հովանին բոլորին վրայ, ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ