Ֆրանչիսկոս Պապ. «Լռութիւնը աղօթքի դուռն է եւ աղօթքը սիրոյ դուռը»

Ֆրանչիսկոս Պապին Պուտափեշտի մէջ երիտասարդներուն հետ հանդիպումը ու պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 29 ապրիլին, յետմիջօրէին ժամը 3,50ին, Պուտափեշտի մէջ Պապական նուիրակի պալատէն Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով կը փոխադրուի Papp Laszlo Budapest Sportarena անուան մարզադաշտ, ուր կը դիմաւորուի երիտասարդներու հովուական ծառայութեան պատասխանատու եպիսկոպոսին կողմէ՝ Երիտասարդներու երգեցողութեամբ։

հովուական ծառայութեան պատասխանատու եպիսկոպոսին ողջոյնի խօսքէն տեղի կ՝ունենայ աւանդական պարային ներկայացում ապա երիտասարդ ու երիտասարդուհի մը կը կիսեն իրենց կեանքի վկայութիւնները, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխանցէ իր սիրտի խօսքը։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը յիշելով առաջին երիտասարդին վկայութիւնը՝ «Յիսուս հէքիաթներու հերոս մը չէ» հաստատեց թէ «Յիսուս մարմնի եւ ոսկորի ներքեւ մօտիկ կանգնող կենդանի Աստուած է, ինչպէս նաեւ բարեկամ, բարեկամներու, եղբայրներու լաւագոյնը ինչպէս նաեւ լաւ հարցումներ կ՝ուղղէ։

«Աւետարանին մէջ Յիսուս, որ Վարդապետ է պատասխանելէ առաջ հարցում կ՝ուղղէ, ինչպէս կը պատահի մեղաւոր կնոջ հետ ուր Յիսուս կը միջամտէ ու բոլոր անոնք, որ կինը կը մեղադրէին կը փախչին եւ Յիսուս մինակ կը մնայ Կնոջ հետ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ «Աստուած միշտ կը ներէ ու պատրաստ է մեզ վերականգնելու մեր անկումին մէջ ու Յիսուսի հետ երբեք պէտք չէ վախնալ՝ կեանքի մէջ յառաջ երթալու։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել կեանքին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կան երկու հիմնական քայլեր, ինչպէս է պարագան մարզանքի մէջ՝ առաջին բարձր ձգտիլ, երկրորդ մարզուիլ։

Բարձր ձգտիլ. «Եթէ ձիրք ունիս մի անտեսեր զայն մէկդի դնելով՝ մտածելով որ երջանիկ ըլլալու համար բաւ է էականը կատարել։ Սիրտիդ մէջ զգայ որ ունիս կարողութիւնը բարիք կատարելու շատերուն։ Զգայ թէ Յիսուսը սիրել գեղեցիկ բան է։

Մարզուիլ. Մարզուիլ Յիսուսին հետ երկխօսելով, որ լաւագոյն մարզիչնն է ։ Ան քեզի մտիկ կ՝ընէ, կը քաջալերէ, կը հաւատայ քեզի եւ գիտէ լաւագոյնը դուրս բերլ։

«Յիսուս միշտ կը հրաւիրէ խումբ կազմել՝ ոչ երբեք մինակ այլ ուրիշներուն հետ, եկեղեցւոյ, հասարակութեան մէջ ապրելով ընդհանուր փորձառութիւնները ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այս կապակցութեամբ յիշեց երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը, հրաւիրելով ներկայ գտնուիլ Փորթուկալի մէջ յառաջիկայ հաւատքին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս ամսոյն սկիզբը»։

Լռութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով լռութեան վրայ նշեց, որ լռութիւնը բարի յարաբերութիւններ մշակելու հող է, որովհետեւ թոյլ կու տայ Յիսուսին վստահելու այն ինչ որ կ՝ապրինք,  Իրեն տանելով անուններ եւ դէմքեր, թոյլ կու տայ իրեն յանձնելու դժուարութիւնները ու բարեկամները, յանձնել աղօթելով իրենց համար։

Լռութիւնը մեզի կարելիութիւն կու տայ Աւետարանէն մէջ էջ մը կարդալու, որ կը խօսի մեր կեանքին մէջ, Աստուած պաշտելու այսպէս վերագտնելով խաղաղութիւնը մեր սիրտին մէջ։ Լռութիւնը աղօթքի դուռն է եւ աղօթքը սիրոյ դուռն է ։
«Երբ որ աղօթէք, մի վախնաք Յիսուսին փոխանցելու այն ինչ որ ձեր սիրտին մէջ կ՝անցնի. Վախերը, խնդիրները, սպասումները, յիշատակները, յոյսերը։ Աղօթքը երկխօսութիւն եւ կեանք է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Հրաշքը կը ծնի բաժնեկցութենէն

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց մեկնաբանելով Յովհաննէս աւետարանէն քաղուած հացերու բազմացումի Յիսուսի հրաշքը։ ( Յովհ. 6, 1-15)

«Յիսուս կը գթայ ժողովուրդին վրայ եւ կ՝ուզէ կերակուր տալ, հետեւաբար հետեւելով իր ոճին, հարցումներ կ՝ուղղէ առաքեալներուն զանոնք փորձելու համար։ Առաքեալներէն մէկը՝ Փիլիպպոս կը պատասխանէ.« Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր ատոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը քիչ բան առնէ։
Աշակերտներէն մէկը՝ Անդրէաս, Սիմոնի եղբայրը, ըսաւ Յիսուսի. Հոս պատանի մը կայ, որ գարիէ հինգ հաց ունի եւ երկու ձուկ. Բայց ատ ի՞ նչ է այդչափ բազմութեան համար»։ Յիսուս առաւ հացերը, գոհացաւ եւ բաժնեց նստողներուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ աւետարանը չպատմեր յատուկ բան մը ու կը ձգէ մեր երեւակայութեան. «Ինչպէ՞ս առաքեալները կրցան համոզել այդ երիտասարդը՝ ամէն բան որ ունի տալու»
Երիտասարդը կը վստահի եւ կու տայ ամէն ինչ, որ ունի առանց իրեն բան մը վերապահելու։ Ան եկած էր Յիսուսէն ստանալու, սակայն ինք է որ Յիսուսին կու տայ։ Ու այսպէս հրաշքը տեղի կ՝ունենայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ հրաշքը կը ծնի բաժնեկցութենէն, հացերու բազմապատկումը՝ գործուած Յիսուսի կողմէ կը սկսի այդ երիտասարդին բաժնեկցութենէն, Իրեն եւ ուրիշներուն հետ։

Ահա ուր կ՝առաջնորդէ հաւատքը, դէպի շնորհելու ազատութեան, պարգեւի խանդավառութեան, դէպի վախերը յաղթահարելու ու ներգրաւուելու։
Սիրելի բարեկամներ ձեզմէ իւրաքանչիւրը Յիսուսի համար թանկարժէք է, նաեւ ինծի համար։ Յիշեցէք, որ ոչ մէկը կրնայ իր տեղը կորսնցնել եկեղեցւոյ եւ աշխարհի պատմութեան մէջ, ոչ մէկը կրնայ կատարել այն ինչ որ դուն կրնաս կատարել։ Իրարու օգնենք հաւատալու, որ սիրուած ու թանկարժէք ենք, որ եղած ենք մեծ բաներ դառնալու համար։

Աղօթենք ասոր համար ու խանդավառուինք ասոր մէջ։ եւ Յիշեցէք նաեւ ինծի բարիք ընել ձեր աղօթքով», ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամին աւարտին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2023, 17:30