2023.04.28 Viaggio Apostolico in Ungheria

«Դուն խաղաղութեան Թագուհին ես, մարդկանց սրտերուն մէջ սերմանէ խաղաղութիւն կառուցելու ցանկութիւնը». Քահանայապետին աղօթքը Աստուածամօր

Պուտափեշտի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն առաջ Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց բոլոր հունգարացիները ու մասնաւորպէս խաղաղութեան դատը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Աստուածածին, նայիր այն ժողովուրդներուն, որոնք ամէնէ շատ կը տառապին։ Ամենէն առաջ նայիր հարևան նահատակ ուքրանացի ժողովրդին և ռուս ժողովրդին՝ որոնք քեզի նուիրաբերուած են։ Դուն խաղաղութեան թագուհին ես, մարդկանց և ազգերու առաջնորդներու սրտերուն մէջ սերմանէ խաղաղութիւնը կառուցելու ցանկութիւնը, երիտասարդ սերունդներուն ոչ թէ պատերազմի այլ յոյսի ապագայ պարգեւելու փափաքը, ոչ թէ գերեզմաններով, այլ օրօրոցներով լի ապագայ մը, եղբայրներու եւ ոչ թէ պատերու աշխարհ մը»։ Աղօթքն է սա, որ Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Պուտափեշտի Քոսսութ Լայոս հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, կիրակի 30 ապրիլ 2023ին, նոյն վայրէն Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն առաջ։

Աղօթք որով Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց բոլոր հունգարացիները ու մասնաւորպէս խաղաղութեան դատը։

«Մենք քեզի կը նայինք Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Յիսուսի Յարութենէն ետքը առաջնորդեցիր քրիստոնեայ հասարակութեան առաջին քայլերը, զանոնք դարձնելով հետեւողական եւ համերաշխ աղօթքի մէջ։ Քեզի կ՜աղօթենք Եւրոպայի մէջ Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի վերագտնէ աղօթքին ուժը, որպէսզի քու մէջդ բացայայտէ հեզութիւնն ու հնազանդութիւնը, վկայութեան եռանդը եւ հռչակումին գեղեցկութիւնը։ Քեզի կը յանձնենք այս Երկրին Եկեղեցին։ Դուն` որ հրճուեցար քու Յարուցեալ Որդոյդ համար, մեր սրտերը լեցուր անոր ուրախութեամբ» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը որ աղօթքէն առաջ շնորհակալական խօսք ուղղեց Կարդինալ Էրտոյին, Հունգարիոյ Հանրապետութեան Նախագահին ու վարչապետին արարողութեան ներկայ գտնուող իշխանութիւններուն, իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն ու համայն հունգարիոյ ժողովուրդին, իրեն վերապահած հոգատարութեան եւ հիւրընկալութեան համար։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն եկան ու յատուկէն յիշեց հիւանդներն ու տարեցները եւ բոլոր անոնք` որոնք չկարողացան ներկայ գտնուիլ, անոնք` որոնք իրենք զիրենք կը զգան միայնակ, կորսնցուցած հաւատքը ու կեանքին յոյսը։

«Ես ձեզի մօտիկ եմ եւ կ՛աղօթեմ ձեզի համար ու ձեզ կ՛օրհնեմ» ըսաւ Սրբազան Պապը, ողջունելով նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներն ու քրիստոնեայ այլ դաւանանքներու եղբայրներն ու քոյրերը, անոնց ներկայութիւնը համարելով «փաստ` թէ այս Երկրին մէջ տարբեր դաւանքներ եւ կրօններ իրարու կը հանդիպին եւ իրարու թիկունք կը կանգնին փոխադարձաբար», ու գեղեցիկ նկատելով այն իրողութիւնը, թէ Քրիստոսին հաւատացողները, «առաջին տեղ կը դնեն միացնող սէրը եւ ոչ թէ պատմական, մշակութային ու կրօնական տարբերութիւնները, որոնք կը բաժնեն»։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտեց մաղթելով բոլորին, որ կարողանան տարածել Քրիստոսին ուրախութիւնը եւ աւելցուց «երախտապարտ այս օրերուն համար ձեզ կը կրեմ սրտիս մէջ ու կը խնդրեմ ,որ աղօթէք ինծի համար։ Աստուած Օրհնէ Հունգարացիները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2023, 11:09