Քահանայապետը յիշեց Մայր Երկրի Օրը, Սուտանը, Սուրբ Սիրտ համալսարանը, Հունգարիա Ճամբորդութիւնը եւ նոր երանելիները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 23 ապրիլ 2023ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած ու աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն յիշեց երէկ Փարիզի մէջ Երանելի հռչակուած Սուրբ Վընսէն Տը Փոլի Միաբանութեան անդամ Էնրիքօ Փլանշան ու Յիսուս եւ Մարիամի Սուրբ Սրտի միաբանութեան անդամ Լատիզլաօ Ռատիկէն ու անոր երեք քահանայ ընկերները, ընդգծելով, թէ անոնք եղան «հաւատքի վկաներ մինչեւ մարտիրոսութիւն, որուն արժանացան 1871ին Փարիզի մէջ»։
Մայր Երկրի Օր
Սրբազան Պապը հուսկ յիշեց, թէ միշտ շաբաթ օր` նշուեցաւ Մայր Երկրի Համաշխարհային Օրը ու այս ուղղութեամբ մաղթանք յայտնեց, որ արարչագործութեան նկատմամբ խնամքի յանձնառութիւնը միշտ կապուած ըլլայ աւելիով աղքատներու զօրակցութեան հետ։
Սուտան
«Տակաւին ծանր կը մնայ Սուտանի իրավիճակը, ասոր համար կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի դադրին բռնութիւնները ու վերսկսի երկխօսութեան ճանապարհը» ըսաւ ապա Քահանայապետը յիշելով Սուտանը ու աղօթք խնդրելով Սուտանի եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։
Կաթողիկէ Սուրբ Սրտի համալսարանի 99րդ Օր
Յիշատակութեան արժանի օրերու շարքին Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ «Սուրբ Սրտի կաթողիկէ համալսարանի 99րդ Օրուան», որուն այս տարուայ բնաբանն է «Յանուն գիտելիքի սիրոյն. Նոր մարդաբանութեան մարտահրաւէրները»։
«Կը մաղթեմ, որ իտալական ամենամեծ կաթողիկէ համալսարանը այս մարտահրաւէրները դիմագրաւէ հիմնադիրներու, յատկապէս երիտասարդ Արմիտա Պարելիի Հոգիով, որ մէկ տարի առաջ Երանելի հռչակուեցաւ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց յառաջիկայ ուրբաթ օր սկիզբ առնող առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Հունգարիա:
Առաքելական ճամբորդութիւն դէպի Հունգարիա
«Յառաջիկայ ուրբաթ երեք օրով կը մեկնիմ Պուտաբեշտ` Հունգարիա, որպէս ամբողջացում 2021ի ճամբորդութեան` Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովին առիթով։ Այս պիտի ըլլայ նաեւ դէպի Եւրոպայի սիրտ ճամբորդութիւն, որուն վրայ կը շարունակեն փչել պատերազմի սառոյցի քամիները, մինչ բազմաթիւ մարդոց տեղաշարժը օրակարգի վրայ կը դնեն մարդասիրական հրատապ հարցեր» ըսաւ Քահանայապետը յատուկէն ողջունելով Հունգարիոյ եղբայրներն ու քոյրերը։
«Գիտեմ` որ մեծ յանձնառութեամբ կը պատրաստէք իմ ժամանումս. Ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեզի այս բանին համար» ըսաւ Ան ու հաւացեալներէն խնդրեց, որ աղօթքով իրեն ընկերանան այս ճամբորդութեան։
Ուքրանիա
Նորին Սրբութիւնը ապա դարձեալ հրաւէր ուղղեց չմոռնալու Ուքրանիան հուսկ ողջունեց Իտալիայէն եւ տարբեր երկիրներէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ