Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուքրանիոյ Վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուքրանիոյ Վարչապետը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուքրանիոյ Վարչապետը, տիար Տէնիս Շմիխալ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Ուքրանիոյ վարչապետի Վատիկան կատարած այցելութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 27 ապրիլին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուքրանիոյ վարչապետ, տիար Տէնիս Շմիխալ։ Վարչապետը ապա հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինինին հետ,ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Պետական քարտուղարութեան մօտ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերող տարբեր հարցեր, յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով մարդասիրական երեւոյթներուն եւ խաղաղութիւնը վերականգնելու ջանքերուն։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ եկեղեցիներու կեանքի եւ գործունէութիւններուն վերաբերող թեմեր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2023, 12:38