Սերպիոյ մէջ բռնութեան անիմաստ արարքներու զոհերու յիշատակին Սերպիոյ մէջ բռնութեան անիմաստ արարքներու զոհերու յիշատակին  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Սերպիոյ մէջ «անիմաստ բռնութեան արարքներու» համար

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, Պելկրատի թեմի արքեպիսկոպոսին յղած ցաւակցական հեռագիրով մը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց մայրաքաղաքին մէջ զէնքերու կրակոցի պատճառաւ արձանագրուած աւելի քան 16 մեռեալներուն համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր ցաւը յայտնեց Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած «անիմաստ բռնութիւններուն» համար, որոնց պատճառաւ մայրաքաղաքէն 50 քմ հեռաւորութեան վրայ Valdislav Ribnikar դպրոցի եւ Mladenovac քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զէնքերու կրակոցի հետեւանքով արձանագրուեցան 16 զոհեր։

Պելկրատի թեմի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Լատիսլաւ Նեմեթիին, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուեց յայտնելով իր ցաւակցութիւնները բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այդ անիմաստ բռնութիւններուն, վստահեցնելով թէ հոգեպէս կը միայնանայ մարդկային տառապանքին բոլոր անոնց որոնք կը ողբան անմեղ զոհերուն համար յանձնելով զանոնք Յարուցեալ Տիրոջ սիրալիր գիրկը։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց նշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ հայցելով սգաւոր ընտանիքներուն եւ վիրաւորներու համար Սուրբ հոգիին մխիթարութիւնները ու ուժը։

Յայտնենք, թէ անցեալ 3 մայիսին, 13 տարեկան պատանի մը զէնքով կրակ բանալով իր դպրոցին մէջ սպանած է ութը աշակերտներ։ Յաջորդը օրը, նոր կոտորած մըն ալ արձանագրուեցաւ մայրաքաղաքի հարաւ գտնուող Mladenovac քաղաքին մէջ՝ երբ 23 ամեայ անձ մը զէնքով կրակ բացած է ինքնաշարժի մը դէմ սպաննելով 8 անձեր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2023, 09:10