cq5dam.thumbnail.cropped.1500.844.jpeg

«Եղէք Աստուծոյ սիրոյն առաքեալներ». Ֆրանչիսկոս Պապը Լեհաստանի հիւանդ մանուկներուն։

«Ձեր կեանքի ուղեւորութիւնը քիչ մը դժուար է, որովհետեւ պէտք էք խնամքի ենթարկուիլ, յաղթահարել հիւանդութիւնը կամ ապրելու հիւանդութեան հետ ու այս մէկը դիւրին չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց վստահեցնելով, որ միայնակ չեն ու թէ «Յիսուս միշտ իրենց մօտիկ է ու ձեզի կ՛ըսէ. «Յառաջ ընթացէք Ես ձեր հետն եմ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 29 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին օրակարգը բաւականին խիտ էր ու սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8,30ին երբ Ամ ընդունեց Լեհաստանէն ժամանած հիւանդ մանուկներու խումբ մը։

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար ապա յայտնեց թէ ինք իրենց միջեւ կը գտնուի զանոնք քաջալերելու համար ու հրաւիրեց ըլլալ` «Աստուծոյ սիրոյն առաքեալները»։

«Ձեր կեանքի ուղեւորութիւնը քիչ մը դժուար է, որովհետեւ պէտք էք խնամքի ենթարկուիլ, յաղթահարել հիւանդութիւնը կամ ապրելու հիւանդութեան հետ ու այս մէկը դիւրին չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց վստահեցնելով, որ միայնակ չեն ու թէ «Յիսուս միշտ իրենց մօտիկ է ու ձեզի կ՛ըսէ. «Յառաջ ընթացէք Ես ձեր հետն եմ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ սիրոյն վկաները

«Սիրելի մանուկներ Յիսուս արդարեւ միշտ մեզի մօտիկ է մեզի յոյս պարգեւելու համար։ Ան մշտապէս մեր հետն է նոյնիսկ հիւանդութեան ժամանակ, նոյնիսկ ցաւալի ու դժուարին պահերուն` Տէրը միշտ հոն է։ Ձեր ծնողները, բժիշկները, բարեկամները եւս ձեզի կ՛օգնեն յառաջ ընթանալու համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը անոնց վստահեցնելով, որ «Աստուած զիրենք կը սիրէ» ու թէ Յիսուս պէտք ունի անոնց «որպէսզի դառնաք Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ սիրոյն վկաները»։

«Ան ձեզի կը յանձնէ իր ծրագիրները ու ձեզի հարց կու տայ. կ՛ուզէ՞ք Աստուծոյ սիրոյն իմ առաքեալներս ըլլալ։ Պատասխանեցէք. «այո» եւ ուրիշներուն տարէք Աստուծոյ սիրոյ ուրախութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա յանձնարարեց երբեք իրենք զիրենք առանցին չզգան, «որովհետեւ Տիրամայրը միշտ մօտիկ է նա մանաւանդ երբ հիւանդութեան ծանրութիւնը զգալի կը դառնայ` Ան մօտիկ է այնպէս ինչպէս մօտիկ էր իր Զաւկին` Յիսուսին, երբ բոլորն ալ զինք լքեցին։ Մարիամը միշտ հոն է, մեր մօտիկ, իր մայրական քնքշութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց յաճախ մտածել Սուրբ Կոյսին անոր նուիրելով «Ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը։

«Ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ ու հաճեցէք մի մոռնաք ինծի համար աղօթելու» ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 10:27