Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տիրամօր նուիրուած միաբանութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տիրամօր նուիրուած միաբանութեան անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քաջութիւն եւ ստեղծագործութիւն մարդկութեան համար երկխօսութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Մորֆորթանի» միսիոնարներուն 38-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 20 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մորֆորթանի» միսիոնարներուն 38-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով վերոյիշեալ միաբանութեան հիմնադիր՝ Մոնֆորթի Սուրբ Լուիճի Մարիա Կրինիոնի մասին, որուն խօսքերէն քաղուած է 38-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովին նիւթը, նշեց թէ անիկա ապրեցաւ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար մարտահրաւէրներով լի ժամանակաշրջան մը՝ բանապաշտներու եւ Ճովաքքինօ Տա Ֆիորէի աղանդի ժամանակահատուածը ու այդ հարցերը դիմագրաւեց քարոզի լայն աշխատանքով առանց վախնալու՝ հանդիպելով նաեւ եկեղեցիէն ներս եւ դուրս անհասկացողութիւններու ու առանց անձնատուր ըլլալու շարունակեց քարոզել եւ խթանել սէրը իմաստութեան վերաբերեալ, Տիրամօր հովանիին ներքով մինչեւ մահ, որ տեղի ունեցաւ 43 տարեկանին, Վանտէա քաղաքին մէջ առաքելութեան ընթացքին։

Հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ այսօր իսկ պակաս չեն հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները, որոնց շարքին անհատապաշտութիւնը ուր իւրաքանչիւր անձ կը փակուի իր փոքրիկ աշխարհէն ներս , ինչպէս նաեւ յարաբերապաշտութիւնը եւ սպառողականութեան անձնասիրութիւնը որ կը կարծրացնէ հարուստներուն սիրտը եւ կը ստեղծէ անարդար անհաւասարութիւններ աղքատներուն ի վնաս։

«Սուրբ Լուիճին ասոնց դէմ թողուց կեանքի եւ գործողութիւններու ծրագիր որ միշտ ժամանակից է. Որոնել, խորհիլ, բացայայտել իմաստութիւնը աշխարհի սիրտին մէջ եւ դատապարտել կեղծ իմաստութիւնը՝ Տիրամօր օգնութեան օրինակին տիպար», ըսաւ Ան։

Հիւրընկալութիւն, միջազգայնութիւն եւ քնքշութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք կարեւոր եւ ժամանակակից արժէքներու վրայ. Հիւրընկալութիւն, միջազգայնութիւն եւ քնքշութիւն, առաքինութիւններ, դիտել տալով որ որոնք կը ծնին երբ անհատները սիրուած եւ յարգուած կը զգան ու Սուրբ Լուիճին այս մասին սորվեցուց ցոյց տալով Տիրամօր քնքուշ ձեռքերը, որ բոլորս կ՝ընկալէ որպէս իր զաւակները։

«Այս պատճառաւ անցեալ տարի ուզեցի եկեղեցին եւ համայն աշխարհը, յատուկէն Ռուսիան եւ Ուքրանիան նուիրել Սուրբ Կոյս Մարիամի անարատ սիրտին» ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով նորոգելու այդ վստահութեան արարքն ու աղաչանքը, ապա հայցելով Երկնային Մօր օգնութիւնը քաջութեամբ որոնելու համար ներումի, երկխօսութեան, հիւրընկալութեան եւ խաղաղութեան ուղիները բոլոր մարդկութեան համար, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 11:24