Ֆրանչիսկոս Պապ ու Պարնապիթի»ի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ու Պարնապիթի»ի անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քրիստոսը տանինք սիրտերը գրաւող հոգիով»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Պարնապիթի»՝ Սուրբ Պօղոսի դպիրներուն ու Սուրբ Անթոնիօ Մարիա Զաքքարիա անուան ընտանիքի անդամներրուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պօղոսի դպիրներն ու Սուրբ Անթոնիօ Մարիա Զաքքարիա անուան ընտանիքի անդամները, Սուրբ Անթոնիօ Մարիայի սրբադասման 125-րդ տարեդարձին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով սուրբ Անթոնիօ Զաքքարիայի կեանքէն, ըստ որուն առաքելութեան հիմքը կը գտնուի դէպի Աստուած վազելու մէջ, այսինքն Տիրոջ հետ զօրաւոր յարաբերութիւն ունենալու մէջ նշեց, թէ Քրիստոսին հետ այդ յարաբերութիւնը հիմնական է նաեւ մեզի բոլորիս համար, անձնապէս փորձարկած ըլլալով, թէ կեանքը միեւնոյնը չէ՝ առանց կամ Տիրոջ հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծց, թէ միսիոներական աւետումը մարդորսորդութիւն չէ, այլ բաժնեկցութիւն է անձնական հանդիպումի մը, որ փոխեց մեր կեանքը ու առանց անոր չ՝ունինք ոչ մէկ բան աւետելու, ոչ ալ միասին քալելու վայր մը։

«Միսիորականութեան երկրորդ յատկանիշը կը կայանայ դէպի ուրիշները վազելու մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ «Յիսուս եկեղեցւոյ միեւնոյն արմատներու մէջ կը զետեղէ հետեւեալ պատուէրը՝ երթալ դէպի համայն աշխարհ եւ հռչակել աւետարանը ամէն արարածին (Մարկ 16,15) եւ Սուրբ Պօղոս կը հաստատէ այս մասին երբ կը խօսի իր առաքելութեան մասին «վայ ինծի եթէ չ՝աւետեմ Քրիստոսի մասին» (Կորնթ 9,16)

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց յառաջ ընթանալ Քրիստոսի հոգին տանելով ամէն տեղ, Քրիստոսի կենդանի հոգին, որ կը գրաւէ սիրտը, որ թոյլ չտար աթոռին վրայ նստիլ, այլ քեզ դուրս կը հանէ դէպի եղբայրներ՝ թեթեւ պայուսակով եւ սիրով լի նայուածքով։

Վազել ամէն խենդութեամբ այսինքն ստեղծագործ քաջութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Անթոնիոն ունեցաւ հետեւեալ քաջութիւնը կեանք տալով նոր հաստատութիւններ իր ժամանակամիջոցին համար, բարեփոխութիւն կատարելով այն ժամանակ երբ բազմաթիւ եկեղեցականներ վարժուած էին հանգիստ կեանքի մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը յիշելով կարեւոր արժէք մը՝ միասին աշխատելու կարեւորութիւնը ընդգծելով որ կեանքի եւ առաքելութեան մէջ հաղորդութիւնը առաջին վկայութիւնն է, յատուկէն հակամարտութիւններով եւ անձնասիրութիւններով բաժնուած աշխարհի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով միասնաբար խենդութեամբ վազել դէպի Աստուած եւ դէպի ուրիշներ ապա հայցելով Տիրամօր հովանին, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 11:42