FILES-UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR-BAKHMUT

Քահանայապետը Կարդինալ Ծուփփին յանձնեց Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար առաքելութիւն մը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հաստատեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին յանձնեց առաքելութիւն մը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ուղիներ սկսելու մտադրութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` տիար Մաթթէօ Պրունի, հաստատեց թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին յանձնեց պարտականութիւնը, ի գործ դնելու առաքելութիւն մը, Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարութեան համաձայնութեամբ, որ սատարէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան լարուածութիւնները թուլացնելու, այն յոյսով, որմէ երբեք չէ զիջած Սրբազան Պապը, որ այս մէկը կարողանայ ընթացք տալ խաղաղութեան ուղիներուն»։

Մաթթէօ Պրունին հաստատեց ապա թէ «առաքելութեան ժամկէտը եւ անոր եղանակները տակաւին ուսումնասիրութեան մէջ են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 20:00