Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Արհ. Քլաուտիօ Կուճերոթթի Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Արհ. Քլաուտիօ Կուճերոթթի 

Գերապայծառ Կուճերոթթին` Քահանայապետին յատուկ պատուիրակ ` Պուտզլաւ Տիրամօր թագադրութեան 25 ամեակին

Պուտզլաւի Տիրամօր սրբապատկերը մեծարուած է Պիելոռուսիայի Պուտզլաւ գիւղի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած տաճարին մէջ։ Անոր տօնախմբութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուայ Յուլիսի 2-ին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Արհ. Քլաուտիօ Կուճերոթթին անուանած է իր յատուկ պատուիրակը` գլխաւորելու համար 30 Յունիսէն 1 Յուլիս 2023ին, Պիելոռուսիոյ Պուտզլաւ Ազգային Սրբավայրին մէջ կայանալիք հանդիսութիւններն ու արարողութիւնները Պուտզլաւի Տիրամօր թագադրութեան 25րդ տարեդարձին առիթով։

Պուտզլաւի Տիրամօր սրբապատկերը

Պուտզլաւի Տիրամօր սրբապատկերը մեծարուած է Պիելոռուսիայի Պուտզլաւ գիւղի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած տաճարին մէջ։ Անոր տօնախմբութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուայ Յուլիսի 2-ին: 2018 թուականի նոյեմբերի 28-ին այս ամենամեայ Մարեմեան տօնակատարութիւնը ներառուեցաւ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Սրբապատկերը պատրաստուած է անյայտ արհեստաւորի մը կողմէ` 16-րդ դարուն։ Անիկա նուէրը եղած է Կղէմէս Ը Պապին Մինսկի Վոյևոթի կառավարիչ Եան Տոմինիքովիչ Փաքիին՝ այս վերջինիս` 1598 թուականին դէպի քրիստոնէութեան դարձին առիթով։ Փաքիի մահէն ետքը սրբապատկերը փոխանցուած է քահանայ Իսահակ Սքալային, որ 1613 -ին զայն նուիրեց Պուտզլաւի Պերնարտինեան վանքին։

Յուլիսի 2-ին ամենամեայ ուխտագնացութիւն

Սրբապատկերը յայտնի դարձած է իր հրաշագործ բժշկութիւններով։ Անոր պաշտամունքի տարածման մէջ մեծ նպաստ ունեցած է Ցիսթերկիացիներու միաբանութիւնը` 19-րդ դարուն սկիզբը։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետքը, 1990 թուականէն սկսեալ սրբապատկերին պաշտամունքը վերականգնուեցաւ եւ ինչպէս նշեցինք ամէն տարի Յուլիսի 2-ին տեղի կ՛ունենայ անոր նուիրուած ամենամեայ ուխտագնացութիւնը։

1996 թուականի Յուլիսի 2-ին պապական նուիրակ` Արքեպիսկոպոս Տոմինիք Հրուշովսքին Քահանայապետական որոշումով, Պուտզլաւի Տիրամայրը հռչակեց Մինսկ-Մոհիլևի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսութեան հովանաւոր։ Ան ընդհանրապէս համարուած է նաև Պիելոռուսիոյ Պաշտպան Սրբուհին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2023, 11:34