Ֆրանչիսկոս Պապ. «Միութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 30 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան մաս կազմող անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են, Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի առաքելապետերուն տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար։
Յայտնենք թէ «Պաշտպան Սուրբերու համապատասխան տօներու պատուիրակութիւններու աւանդական փոխանակումի ծիրէն ներս, ամէն տարի 29 Յունիսին Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմ՝ Սուրբ Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ»։ Մինչ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը ամէն տարի 30 Նոյեմբերին կը մեկնի Թուրքիա մասնակցելու Սուրբ Անդրէասի տօնի ծիսական արարողութիւններուն։
Քահանայապետին ողջոյնները Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդի եպիսկոպոսներուն
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց վերոյիշեալ պատուիրակութեան անդամներուն, Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդին խնդրելով որ իր ողջոյնները փոխանցեն Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ տիեզերական պատրիարքութեան բոլոր եպիսկոպոսներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան համար, խառն միջազգային յանձնախումբի 15-րդ ընդհանուր ժողովին արդիւնաբեր յաջողութեան համար, որ գումարուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ գերերջանիկ Թէոդորոս Բ Պապին հրաւէրին վրայ։
Եկեղեցիներու միջեւ միութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով եկեղեցիներու միջեւ միութեան վրայ, դիտել տուաւ որ երբեք պէտք չէ մոռնալ, թէ միութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է եւ պէտք է փնտռուի Սուրբ Հոգիին ներքեւ, որովհետեւ հաւատացեալներու միջեւ հաղորդութիւնը զիջումներու եւ փոխզիջումներու հարց մը չէ, այլ եղբայրական սիրոյ, եղբայրներուն, որոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան Հօր սիրուած զաւակները՝ լեցուած Քրիստոսին հոգիով եւ գիտեն տեղադրել իրենց տարբերութիւնները աւելի ընդարձակ շրջանակի մէջ։
Աշխարհի մտահոգութիւնները յատուկէն խաղաղութեան կարիքը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիպումի մթնոլորտը կը ստիպէ կիսել նաեւ կարգ մը մտահոգութիւններ, որոնց շարքին խաղաղութիւնը՝ յատուկէն մարտիրոսացած Ուքրանիոյ մէջ;։
«Քրիստոսի իբրեւ առաքեալներ չենք կրնայ յանձնուիլ պատերազմին, սակայն ունինք պարտականութիւնը միասին աշխատելու խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւնը իրականութիւն մը չէ, որուն կրնանք միայնակ հասնիլ, այլ առաջին կարգին Տիրոջ պարգեւն է ։ Դա շնորհք մըն է, որ կը պահանջէ համապատասխան վերաբերմունք մարդ արարածի կողմէ, յատուկէն հաւատացեալին կողմէ, որ պէտք է մասնակցի Աստուծոյ խաղաղարար գործին։ Այս իմաստով Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ, որ խաղաղութիւնը չի գար միայն պատերազմին բացակայութենէն, այլ կը ծնի մարդու սիրտէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ան պատգամը աւարտեց վստահեցնելով իր աղօթքը պատուիրակութեան անդամներուն ու անոնց ներկայացուցած եկեղեցւոյ համար, հայցելով Տիրոջմէ, Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոս առաքելապետերուն բարեխօսութեամբ, սոյն հանդիպումը յաջորդ քայլ մը ըլլայ դէպի տեսանելի միութեան ուղեւորութեան մէջ, հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ