2019.01.21 Vaticano, Musei Vaticani, Cappella Sistina

Ֆրանչիսկոս Պապը Սիքստինեան մատրան մէջ պիտի հանդիպի շուրջ 200 արուեստագէտներու

Միջոցառումը կազմակերպուած է Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատսեչութեան կողմէ համագործակցութեամբ Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան, Վատիկանի թանգարաններու և Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի թանգարաններու նորաձեւ եւ ժամանակակից արուեստի հաւաքածուի բացման 50-ամեակի առիթով, ուրբաթ 23 Յունիսին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ պիտի ընդունի մօտ 200 ժամանակակից ամենայայտնի ստեղծագործողներ՝ նկարիչներ, քանդակագործներ, ճարտարապետներ, գրողներ, բանաստեղծներ, երաժիշտներ, ռեժիսորներ և դերասաններ։

Այս առիթով Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է թէ այս ունկնդրութիւնը մաս կը կազմէ Քահանայապետական հանդիպումներու շարքի մը նուիրուած արուեստագէտներուն, որուն առաջին քայլը կատարուած է 1964 թուականին երբ Պօղոս Զ Քահանայապետը խնդրեց վերանորոգել բարեկամութիւնը ընդմէջ Եկեղեցւոյ եւ արուեստագէտներուն։

Սրբազան Պապին կամքն է տօնախմբել արուեստագէտներու գործն ու կեանքը՝ ընդգծելով անոնց ներդրումը ընդհանուր մարդասիրութեան զգացում ստեղծելու և ընդհանուր արժէքներու յառաջ մղման գործին մէջ։

«Նախաձեռնութիւնը կը հաստատէ Մշակոյթի և կրթութեան Վերատեսչութեան Սուրբ Աթոռի և Մշակոյթի աշխարհի միջև յարաբերութիւնները խթանող դերը՝ սատարելով երկխօսութեան հաստատումին, որպէս ճշմարիտ հանդիպման, փոխադարձ փոխգործակցութեան և հարստացման անփոխարինելի գործիք՝ որպէսզի արուեստի, գրականութեան և մշակոյթի աշխարհը, իր բոլոր ձևերով, ինքզինք ճանչցուած զգայ Եկեղեցւոյ կողմէն, որպէս մարդիկ, որոնք կը ծառայեն ճշմարիտի, լաւի և գեղեցիկի անկեղծ որոնման», կը կարդանք միշտ Մշակոյթի և կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Միջոցառումը կազմակերպուած է Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ համագործակցութեամբ Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան, Վատիկանի թանգարաններու և Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 08:00