2022.12.08 Card. Ghirlanda - Presa di  Possesso

Մալթայի Ուխտի նոր հովանաւոր` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Կիռլանտան

Յիսուսեան միաբանը կը յաջորդէ Ամերիկացի Կարդինալ Պուրքին, որ այս պաշտօնը ստանձնած 2014 թուականէն։ Մալթայի Ուխտի հովանաւորին պարտականութիւնն է «խթանել Ուխտի հոգեւոր բարիքը» եւ երաշխաւորել Սուրբ Աթոռի հետ կապերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինը տարի ետք Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտը ունի նոր հովանաւոր յանձին Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, կանոնագէտ, Գրիգորեան համալսարանի երբեմնի Ռէկտոր Կարդինալ Ճանֆրանքօ Կիռլանտայի, անուանուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ` 19 յունիս 2023ին։ Ան կը յաջորդէ Կարդինալ Ռայմոտն Լէօ Պուրքին որ այս պաշտօնը ստանձնած էր 2014 թուականին։

Հովանաւորին պարտականութիւնն է հոգալ Ուխտի հոգևոր շահերը և Սուրբ Աթոռի հետ յարաբերութիւնները։ Անոր կ՛իյնայ նաեւ պարտականութիւնը Քահանայապետին տեղեկացնել Ուխտի Մեծ Վարպետի ընտրութեան մասին, որ իր երդումը կը կատարէ Հովանաւոր Կարդինալի ներկայութեամբ, Պետական ​​խորհուրդի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին։

2016ի աւարտին 2017ի սկիզբը Մալթայի Ասպետական ինքնիշխան Ուխտը ունեցաւ ներքին տագնապ մը, որուն բերումով Սրբազան Քահանայապետը անուանեց յատուկ իր մէկ պատուիրակը, որ ստանձնեց Հովանաւորի պաշտօնը եւ թիկունք կանգնեցաւ Ուխտին դուրս գալու այդ տագնապէն, սահմանադրութեան բարեփոխումներով եւ զբաղելով նաեւ «Ուխտի հոգեւոր եւ բարոյական վերանորոգումով»։

2017ին Քահանայապետին պատուիրակ նշանակուեցաւ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն եւ 2020ին անոր յաջորդեց Կարդինալ Սիլվանօ Մարիա Թոմմազին։

Կարդինալ Կիռլանտան, որ այժմ կը ստանձնէ Ուխտի Հովանաւորի պաշտօնը, որպէս մասնագէտ իր սատարը բերած էր նոր սահմանադրութեան շարադրումին համար։

Անցեալ 3 մայիսին Մալթայի Ասպետական Ուխտը ունեցաւ իր նոր Մեծ Վարպետը յանձինս Քանատացի 66 ամեայ Եղբայր Ժոն Տանլափին, որ այս պաշտօնի վրայ պիտի մնայ տասը տարի եւ որուն` 19 Յունիսին, Քահանայապետը շնորհեց առաջին պաշտօնական ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2023, 08:00