Լամփետուզա կղզին Լամփետուզա կղզին 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Միջերկրականին մէջ անմարդկային աղէտներ, անմեղներու մահը խուլցնող ճիչ է»

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ակրիճենթօ թեմի արքեպիսկոպոսին, Լամփետուզա կատարած ճամբորդութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լամփետուզա կատարած ճամբորդութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց, Ակրիճենթօ թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ալեսանտրօ Տամիանոյին։

Նամակի մէջ Նորին Սրբութիւնը փափաքած է որ իր ողջոյնները փոխանցուին թեմի հաւատացեալներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն, վստահեցնելով իր սէրը, աղօթքն ու քաջալերանք բոլորին։

Սրբազան Հայը ապա նշած է, թէ ներկայ օրերուն կը շարունակենք ականատես դառնալ Միջերկրական ծովուն մէջ լուրջ ողբերգութիւններուն կրկնութեան ու ցնցուած ենք լուռ ջարդերէն, որոնց առջեւ դեռ կը մնանք անօգնական ու ապշած։ «Անմեղներու մահը, յատուկէն մանուկները, աւելի խաղաղ գոյութեան փնտռտուքի մէջ հեռու պատերազմներէն եւ բռնութիւններէն, ցաւալի ու խլացուցիչ ճիչ է, որ չկրնար մեզ անտարբեր ձգել։ Դա հասարակութեան մը ամօթն է որ այլեւս չգիտեր լալ եւ ուրիշներու վրայ խղճալ» գրեց Սրբազան Հայրը։

Ան ապա նկատել տուաւ, թէ տասը տարիներ անցան Լամփետուզա կղզի այցելութենէն ետք ուր ժամանած էր զօրակցելու ու հայրական մօտիկութիւնը ցուցաբերելու այն բոլոր անձերուն որոնք ծանր ելեւէջներէն ետք, ծովու գերիշխանութեան տակ Ակրիճենթոյի ափերը հասան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ շեշտեց, թէ պէտք է փոխել մեր վերաբերմունքը. այն Եղբայրը որ դուռը կը զարնէ, արժանի է սիրոյ, հիւրընկալութեան ու ամէն խնամքի, անիկա եղբայր մըն է ինծի նման, որ երկրի մէջ զետեղուեցաւ վայլելու համար այն ինչ որ հոն գոյութիւնը ունի եւ զայն կիսելու հաղորդութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտեց յորդորելով բանտարկուած չմնալ վախի մէջ կամ ալ կողմի մը տրամաբանութեան մէջ, հրաւիրեց դառնալ քրիստոնեաներ, որոնք կարող են Աւետարանի հոգեւորականութեան հարստութեամբ բեղմնաւորել սոյն կղզին որ կը գտնուի միջերկրական ծովու սիրտին մէջ մինչեւ, որ վերադառնայ փայլիլ իր սկզբնական գեղեցկութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2023, 13:03