2023.07.27 S.E. Il Signor Vo Van Thuong, Presidente della Repubblica Socialista del Vietnam

Սուրբ Աթոռ - Վիեթնամ համաձայնագիր Երկրին մէջ Քահանայապետական ներկայացուցիչի կանոնադրութեան մասին

Նշենք թէ Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ընդհատուած էին 1975ին ապա քաջալերող զարգացումներ արձանագրած էին 1990 թուականին եւ 2011 Պենետիկտոս ԺԶ այնտեղ անուանած էր առանց երկրին մէջ հաստատ բնակութիւն ունեցող Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Սուրբ Աթոռը եւ Վիեթնամի Սոցիալիստական հանրապետութիւնը համաձայնութեան մը յանգեցան Վիեթնամի մէջ Քահանայապետական ներկայացուցիչի կանոնադրութեան մասին։ Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ հինգշաբթի 27 օգոստոսին, Վիեթնամի նախագահ Վօ Վան Թվոնկի Վատիկան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս». Այս կը կարդանք համաձայնագիրի ստորագրութեան առիթով հրատարակուած միասնական հաղորդագրութեան մէջ ու ապա կը նշուի որ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Վիեթնամի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, հինգշաբթի 28 Յուլիսի կէսօրէն ետքը, որուն յաջորդեց Կարդինալ Փարոլինի հետ հանդիպումը, կողմերը մեծ գնահատանք արտայայտեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ զգալի առաջընթացի և մինչ այժմ երկրի կաթողիկէ համայնքի կողմէն առաջարկուած դրական ներդրման համար։

«Երկու կողմերը ապա վստահութիւն յայտնեցին, որ​ Քահանայապետական Ներկայացուցիչը` վերոնշեալ Համաձայնագրով իրեն տրուած դերն ու մանդատը, հաւատարմօրէն կը կատարէ, կ՜ աջակցի վիեթնամական կաթողիկէ համայնքին օրէնքին համապատասխան իր պարտաւորութիւններու մէջ և միշտ ոգեշնչուելով Եկեղեցւոյ Վարդապետութենէն», կ՜իրականացնէ «ազգին ուղեկցելու» կոչումը և ըլլալու «լաւ կաթողիկէներ և լաւ քաղաքացիներ»՝ նպաստելով երկրի զարգացմանը» կը կարդանք միշտ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ հաստատուած է թէ Քահանայապետական ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ կամուրջ զարգացնելու համար Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւնները։

Նշենք` թէ Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ընդհատուած էին 1975ին ապա քաջալերող զարգացումներ արձանագրած էին 1990 թուականին եւ 2011 Պենետիկտոս ԺԶ այնտեղ անուանած էր առանց երկրին մէջ հաստատ բնակութիւն ունեցող Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը։

Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Վօ Վան Թվոնկ նաշագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց 30 վայրկեան, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացումը եւ նուէրներու փոխանակումը որուն ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայաապետը Վիեթնամի նախագահին նուիրեց այս տարուայ իր Խաղաղութեան Պատգամը, Մարդկային Եղբայրութեան հայող փաստաթուղթը, 27 Մարտ 2020ին յատուկ աղօթքի գրքոյկը եւ Քահանայապետական Յարկաբաժնի մասին պատրաստուած նկարազարդուած գիրք մը եւ Պրոնզէ մէկ հարթաքանդակ մը, որ կը պատկերացնէ ողորմութիւնը, հիւրընկալութիւնը եւ եղբայրութիւնը, որուն վրայ գրուած է «Ձեռքերը լեցնենք այլ ձեռքերով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2023, 08:00