Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը զետեղենք մեր կեանքի կեդրոնը»

Յուլիս ամսուայ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ Սուրբ Պատարագը դնել կեանքին կեդրոնը ընդգծելով, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի ներկայութիւնն է ու խորապէս փոխակերպիչ է։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Պատարագը քաջութիւն կը ներշնչէ՝ ուրիշներուն հետ հանդիպելու, մեր անձէն դուրս գալու եւ ուրիշներու սիրով բացուելու համար։

Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան մասին տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.

“«Եթէ Սուրբ Պատարագէն դուրս գանք նոյնութեամբ ինչպէս մտած էինք, բան մը կայ որ սխալ է։ Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի ներկայութիւնն է՝ խորապէս փոխակերպիչ։ Յիսուս կու գայ եւ քեզ պէտք է փոխակերպէ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Յիսուս կը տառապի, կը նուիրուի մեզի համար ու մեզ կը հրաւիրէ թոյլ տալու, որ մեր կեանքը սնունդ առնէ Իրմէ ու սնունդ տայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու կեանքերուն։ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Յարուցեալ Յիսուսի հետ հանդիպում է, միաժամանակ մղում է բացուելու աշխարհին, ինչպէս Ան սորվեցուց մեզի։ Ամէն անգամ որ կը մասնակցինք Սուրբ Պատարագին, Յիսուս կու գայ, Յիսուս ուժ կը տայ՝ սիրելու, ինչպէս Ան մեզ սիրեց։ Որովհետեւ մեզի քաջութիւն կու տայ ուրիշներուն հետ հանդիպելու համար, մեր անձերէն դուրս գալու եւ սիրով բացուելու ուրիշներուն։ Աղօթենք, որպէսզի կաթողիկէները իրենց կեանքի կեդրոնը զետեղեն Սուրբ Պատարագը որ կը փոխակերպէ մարդկային յարաբերութիւնները ու կը բանայ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ հանդիպումին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ տեսերիզին մէջ։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2023, 16:00