Քալենք Յիսուսին հետ Խաչի սիրոյ ճանապարհին վրայ. Քահանայապետին ողջոյնը ԵՀՕ ճանապարհ Խաչի արարողութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
4 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ԵՀՕ նպատակով աշխարհի տարբեր անկիւններէն Փորթուկալ ժամանած հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Լիզպոնի «Parque Eduardo VII» պարտէզի տարածքին գլխաւորեց Ճանապարհ Խաչի ջերմեռանդական արարողութիւնը։
Արարողութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը պարտէզի տարածքին համախմբուած 800 հազար երիտասարդներուն ուղղեց սրտաբուխ խօսք մը, շեշտը դնելով Յիսուսի ճանապարհորդութեան վրայ, անոր «քալելու» արարքին վրայ, ինչպէս երբ քալեց դէպի գողգոթայ։
Յիսուս ճանապարհն է
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի երեկոյ, ըսաւ Սրբազան Պապը, որպէս պատասխան ընդունելով հազարաւոր երիտասարդներուն ծափողջոյնը։
«Այսօր մենք պիտի քալենք Յիսուսի հետ։ Յիսուս ճանապարհն է ու մենք պիտի քալենք Անոր հետ, որովհետեւ Ան քալեց։ Քալեց բուժելով հիւանդները, հոգ տանելով աղքատներուն, արդարութիւն կատարելով, քալեց քարոզելով եւ ուսուցանելով։ Յիսուս կը քալէ, բայց մեր սրտին մէջ դրոշմուած ուղին չարչարանքի ճանապարհն է, խաչի ճանապարհը։ Աղօթքով պիտի նորոգենք խաչի ճանապարհը։ Նայինք Յիսուսին, որ կը քալէ ու քալենք Անոր հետ։ Ան ճանապարհն է։ Յիսուսին ճանապարհը Աստուած է, որ ինքն իրմէ դուրս կ՜ելլէ որպէսզի քալէ մեր մէջ։ Ան այս բանը կ՛ընէ սիրոյ համար։ Ու Խաչը որ կ՛ընկերանայ ԵՀՕ այն ճանապարհին պատկերն է» ըսաւ Սրբազան Պապը երիտասարդներուն ուղղած իր սրտաբուխ խօսքին մէջ։
Խաչը սիրոյ ամենամեծ իմաստը
«Խաչը սիրոյ ամենամեծ իմաստն է», շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը, «սէրը` որով Յիսուս կ՛ուզէ ողջագուրել մեր կեանքը։ Ան կը քալէ ինծի համար, իր կեանքը նուիրելու ինծի համար եւ չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքը զոհել բարեկամներուն համար, կեանքը տալ ուրիշներուն։ Այս է այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Ասոր համար երբ Խաչին կը նայինք, որ այդքան ցաւալի է, մենք կը տեսնենք սիրոյ գեղեցկութիւնը` անոր` որ կեանքը կու տայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։
Յիսուս մեր հետ կը քալէ
Քահանայապետը ապա սիտել տուաւ որ «Յիսուս կը քալէ բայց բան մը կ՛ակնկալէ, կը սպասէ մեր ընկերութիւնը, կը սպասէ որ բանանք մեր հոգիներուն պատուհանները։ Յիսուս կը քալէ եւ իր սիրով, իր քնքշութեամբ կը սպասէ, որպէսզի մեզի մխիթարութիւն պարգեւէ, մեր արցունքները սրբէ»։ Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց Յիսուսին ներկայացնել մեր ողբին պատճառները, լռութեան մէջ։
Յանձն առնել սիրելու վտանգի արկածախնդրութիւնը
Եւ պահ մը լռութենէն ետքը Ան շարունակեց. Յիսուս կ՛ուզէ մեր վախերը փառատել, կ՛ուզէ մեր առանձնութիւնները լեցնել։ Ան կ՛ուզէ լիացնել մեր խաւար վախերը իր մխիթարութեամբ ու մեզ կը սպասէ, որպէսզի մեզ մղէ ողջագուրելու սիրոյ արկածախնդրութիւնը։ Սիրելը վտանգաւոր է ու մենք պէտք է այդ վտանգը ներգրաւենք, որովհետեւ վտանգ մըն է զոր կ՛արժէ յանձն առնել։ Եւ Յիսուս մեզի հետ է ու մեզի կ՛ընկերանայ, միշտ, համայն կեանքի ընթացքին։
«Այսօր մենք պիտի քալենք Անոր հետ, անոր չարչարանքի ճանապարհը, մեր անձկութիւններուն ճանապարհը, մեր առանձնութեան ճանապարհը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետը եւ անգմա եւս հրաւիրելէ ետք լռութիւն պահել ու մտածել ցաւերու ու թշուառութիւններու մասին Ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Եւ Յիսուս կ՛ընթանայ դէպի Խաչը, կը մեռնի խաչի վրայ, որպէսզի մեր հոգին կարողանայ ժպտալ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ