Եղէ՛ք ոչ թէ վախերու կառավարիչներ, այլ` երազանքներու ձեռներէցներ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Լիզպոնի մէջ հանդիպեցաւ Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ, որուն ծիրէն ներս ունեցած պատգամի մէջ Ան ի միջի այլոց անդրադարձաւ «Համընդհանուր կրթական դաշինք»ին, հասարակաց տան խնամքին, կիներու լիարժէք մասնակցութեան, տնտեսութեան, քաղաքականութեան, աճումի ու զարգացումի հասկացողութեան նոր ձեւեր գտնելուն հայող նիւթերուն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 3 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10,00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Երիտասարդներու Համաշխարհային 37րդ Օրուան առիթով Փորթուկալի Առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանդիպեցաւ Երկրի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ։

Սրբազան Քահանայապետին դիմաւորեց եւ բարի գալստեան խօսք ուղղեց Համալսարանի Ռեկտորը, որուն յաջորդեցին տարբեր համալսարանականներու վկայութիւնները, որ կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին առանցքը:

Փնտռել եւ վտանգել՝ ուխտաւորի երկու բայերը

Անոր սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով Ռեկտորի՝ մենք բոլորս մեզ «ուխտաւոր» կը զգանք, արտայայտութեան, նկատել տուաւ, որ «pellegrino» եզրոյթը բառացիօրէն կը նշանակէ ամէն բան մէկ կողմ ձգել եւ շարժիլ դաշտերէն անդին։ Դուրս ելլել յարմարաւէտութեան սահմաններէն, ճամբորդել, յաղթահարել սեփական անձը եւ հեռուն երթալ՝ յատկապէս երբ մեծ հարցադրումներուն պատասխաններ կը փնտռենք, որ դիւրին չէ, յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ. «համալսարանականը այդ գործընթացը լաւ կը հասկնայ, քանի որ գիտութիւնը այդպէս կը ծնի։ Նաեւ հոգեւոր որոնումը այդպէս կ’աճի ՝ չվստահելով քարացած բանաձեւերուն եւ զգուշանալով որեւէ բան չխնդրող, բայց ամէն բան տուող առաջարկներէն»։

Այդ համատեքստէն ներս Ֆրանչիսկոս օրինակ բերաւ Յիսուսի առակներէն մէկը, որուն մէջ «թանկագին մարգարիտը կը գտնէ այն անձը, զոր կը փնտռէ խելքով ու ձեռներէցութեամբ եւ բոլոր ինչքերը կու տայ, կը վտանգէ ամէն բան, այդ մէկը ձեռքբերելու համար (հմմտ. Մատթէոս 13:45-46) »: Ասկէ մեկնելով, Պապը ուխտաւորի համար երկու բայ կարեւոր համարեց՝ «փնտռել եւ վտանգել»:

Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում
Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում

Քաջութիւն ունենալ վախերը փոխարինել երազանքներով

«Փնտռել եւ վտանգել՝ հսկայական մարտահրաւէրներով լի պատմական ժամանակահատուածի մը մէջ», պնդեց Սրբազան Քահանայապետը, որ կրկին «ոգեշնչուելով Տիկին Ռեկտորի խօսքերէն» թէ՝ «համալսարանը հաստատութիւն մը չէ, որ պէտք է պահպանել, այլեւ այն պէտք է խիզախօրէն արձագանքէ ներկայի ու ապագայի մարտահրաւէրներուն», շարունակելով թէ՝ «Ինքնապահպանումը գայթակղութիւն մըն է, վախով պայմանաւորուած հակազդեցութիւն, որ կը ստիպէ գոյութեանը խեղաթիւրուած նայիլ։ Եթէ ​​սերմերը պահուէին, ամբողջովին կվատնէին իրենց ստեղծարար ուժը եւ կդատապարտէին մեզ սովի. (...): Ուստի, քաջութիւն ունեցէք վախերը փոխարինել երազանքներով, եղէք ոչ թէ վախերու կառավարիչներ, այլ երազանքներու ձեռներէցներ»:

«Համալսարանի պարտաւորութիւնը», ընդգծեց ապա Քահանայապետը, «աշխարհի ներկայիս ընտրեալ եւ անհաւասար համակարգը յաւերժացնելու համար նոր սերունդներ կազմաւորել չէ միայն, ուր բարձրագոյն կրթութիւնը քիչերու արտօնութիւնն է: Եթէ ​​գիտելիքը չընդունուի որպէս պատասխանատուութիւն, անպտուղ կը դառնայ», հաստատեց Ան:

Սրբազան Պապը շօշափեց նաեւ հասարակացած տան խնամքին, կիներու լիարժէք մասնակցութեան, տնտեսութեան, քաղաքականութեան, աճի ու զարգացումի հասկացողութեան նոր ձեւեր գտնելուն հայող նիւթերը՝ յղում կատարելով երիտասարդներու կողմէ հնչեցուցած վկայութիւններուն, որոնք բոլորն ալ, ըստ Ֆրանչիսկոսի, յոյս եւ «փոփոխութեան գլխաւոր դերակատարներ» ըլլալու «իրատեսական ոգեւորութիւն» կը պարունակէին:

Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում
Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում

Հասարակաց տան խնամքի համար անհրաժեշտ է սիրտի փոխակերպում

Ոմանք կը գիտակցին հասարակաց տան մասին հոգ տանելու հրատապութիւնը, նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ այդ մէկը հնարաւոր չէ առանց սիրտի փոխակերպման, առանց տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան հիմք հանդիսացող մարդաբանական տեսլականի փոփոխութեան: Պէտք չէ բաւարարուիլ երկչոտ եւ երկիմաստ փոխզիջումներով, քանի որ «միջանկեալ ուղիները ընդամէնը փոքր ինչ կը յետաձգեն աղէտը» (Շրջաբերական նամակ Laudato si', n. 194): Փոխարէնը, պէտք է վերասահմանել այն ինչ կ’անուանենք առաջընթաց եւ զարգացում, ըսաւ Քահանայապետը եւ յորդորեց. «Դուք այն սերունդն էք, որ կրնայ յաղթել այս մարտահրաւէրը. դուք ունէք ամէնէ յառաջադէմ գիտական ​​և արհեստագիտական գործիքները, բայց կը խնդրեմ չ’ընկնել մասնակի տեսլականներու թակարդին մէջ»:

Ոչ թէ բեւեռացումներ, այլ ամբողջական տեսլականներ

Ըստ Սրբազան Պապի համապարփակ բնապահպանումի անհրաժեշտութիւնը կայ, որ կը նշանակէ «ունկնդրել մոլորակի տառապանքները աղքատներու տառապանքներու հետ միասին. անապատացման ողբերգութեան զուգահեռ մտածել փախստականներու ողբերգութեան մասին. (...) զբաղիլ կեանքի նիւթական հարթութեամբ՝ հոգեւոր հարթութեան մէջ: Ոչ թէ բեւեռացումներ, այլ ամբողջական տեսլականներ:

Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում
Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում

Քրիստոնեան պէտք է ոչ միայն համոզուած այլեւ համոզիչ ըլլայ

«Հնարաւոր չէ իրական համապարփակ բնապահպանում առանց Աստուծոյ եւ ապագայ չի կարող ըլլալ անաստուած աշխարհի մը մէջ,». Երիտասարդ Թոմասի այս վկայութեան առնչութեամբ Պապը յորդորեց հաւատքը վստահելի դարձնել ընտրութիւններու միջոցաւ: Աշխարհը խմորելու համար բաւ չէ որ քրիստոնեան համոզուած ըլլայ, պէտք է նաեւ համոզիչ ըլլայ. մեր գործողութիւնները կոչուած են արտացոլալու Աւետարանի ուրախ և միևնոյն ժամանակ արմատական ​​գեղեցկութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը:

Կանայք իմաստուն կառավարիչներ, որոնց նպատակը միայն շահոյթը չէ

Անդրադառնալով Համալսարանէն ներս «Ֆրանչիսկոսի տնտեսագիտութիւնը» նոր ամպիոնի մէջ Սուրբ Քիարայի կերպարը ներմուծելուն Ֆրանչիսկոս ընդգծեց ընտանեկան տնտեսութեան մէջ կանանց կարեւորութիւնը, նշելով, որ անոնց իմաստուն կառավարումի նպատակը բացառապէս շահոյթը չէ, այլ խնամքը, համակեցութիւնը, բոլորի ֆիզիկական եւ հոգեւոր բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաև աղքատներու եւ օտարականներու հետ բաժնեկցութիւնը:

Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում
Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպում

Համընդհանուր կրթական դաշինք

Սրբազան Պապը նկատել տուաւ այնուհետեւ, որ վերոնշեալ նիւթերէն շատերը կ’առնչուին «Համընդհանուր կրթական դաշինք» նախաձեռնութեան եօթ սկզբունքներուն, որուն կարեւոր կէտերէն մին է՝ կրթել հիւրընկալութեան եւ ներառումի։

«Չենք կրնար ձեւացնել թէ չենք լսած Յիսուսի «Պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս» խօսքերը՝ արտացոլուած Մատթէոսի Աւետարանի մէջ (25։35)», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ այդ կապակցութեամբ նշեց, որ մեծ յուզումով լսեց Մահօրի վկայութիւնը որ «տունէն, ընտանիքէն, ընկերներէն զուրկ ըլլալու մշտական ​​զգացումի» նշանակութիւնը զգալով հանդերձ վերագտած է յոյսը՝ շնորհիւ հանդիպումի մշակոյթի եւ անոր փոխակերպող ազդեցութեան նկատմամբ հաւատքի։

Բարեկամնե՛ր, ուրախ եմ որ այսպէս կենդանի կրթական համայնք էք՝ բաց՝ իրականութեանը ըսաւ ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը եւ խրախուսեց ուսանողները ընդօրինակել Cammino de Santiagoի ուխտաւորներուն, որ ճամբուն վրայ դէմ առ դէմ հանդիպելու ատեն կ’ողջունեն՝ մէկը միւսին «Ultreia» եւ «et Suseia», այսինքն՝ երթանք, օն քաջութիւն, յառաջ գնայ» քաջալերական խօսքերով եւ աւարտեց ըսելով, որ «ասիկա այն է, ինչ ես նոյնպէս ի սրտէ կը մաղթեմ ձեզի»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 10:51