Սրբազան Պապը այցելեց Ֆաթիմայի սրբավայրը ու Տիրամօր յանձնեց աշխարհի խաղաղութիւնը

Աղօթենք խաղաղութեան համար, որպէսզի Սուրբ Կոյսը, որ Ֆաթիմայի մէջ խնդրեց «Ես կ՛ուզեմ, որ վարդարանը աղօթէք, որպէսզի ձեռք բերուի խաղաղութիւնը», մեր աղօթքները մատուցէ Տիրոջ և աշխարհին շնորհուի յարատև խաղաղութեան շրջան:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 5 օգոստոսին, ԵՀՕ 37րդ հաւաքին առիթով Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց ուխտագնացութիւն կատարել Ֆաթիմայի սրբավայր ու այնտեղ երիտասարդ հիւանդներուն հետ միասին աղօթել Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը` Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելու համար աշխարհն ու մարդկութիւնը։

Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը Լիզպոնէն մեկնեցաւ տեղական ժամով առաւօտեան ժամը ինին եւ Ինքնաթիռով յիսուն վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք ժամանեց Ֆաթիմա, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոսին ու Ֆաթիմայի քաղաքապետին կողմէ։

Ֆաթիմայի սրբավայրը
Ֆաթիմայի սրբավայրը

Ֆաթիման այն քաղաքն է որուն «Cova da Iria» վայրին մէջ 13 Մայիս 1917ին Տիրամայրը երեւցաւ երեք փոքրիկ հովիւներու` Լուչիա` տասը տարեկան, Ֆրանչեսքօ` ինը տարեկան եւ անոր քոյրը Ճաչինթա` եօթը տարեկան։ Երեւումներու այդ վայրին մէջ ապագային կառուցուեցաւ Տիրամօր նուիրուած մեծ սրբավայրը ուր 1920էն ի վեր «երեւումներու մատրան» մէջ կը մեծարուի Սուրբ Կոյս Մարիամի մէկ արձանը։

Երկու եղբայրներ Ֆրանչեսքօ եւ Ճաչինթան Երանելի հռչակուեցան 13 մայիս 2020ին ու սուրբերու շարքին դասուեցան 13 մայիս 2017։ Իսկ տրուած ըլլալով որ Լուչիան իր մահկանացուն կնքեց 13 փետրուար 2005ին Ան երանաշնորհ հռչակուեցաւ միայն վերջերս անցեալ 22 Յունիսին։

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը

Ֆաթիմայի Տիրամայր սրբավայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը քահանայապետական բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց սրբավայրի հրապարակին, ողջունելով այնտեղ համախմբուած 200 հազարէ աւելի ուխտաւորները, ապա կանգ առաւ «Երեւումներու մատրան» առջեւ ու մուտք գործելլով մատուռ պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանին դիմաց, մինչ երկու մանուկներ անոր փունջ մը ծաղիկ մատուցեցին, զոր Քահանայապետը զետեղեց Տիրամօր արձանի ոտքին ու Ինք որպէս նուէր ընծայեց ոսկեծոց վարդարան մը։

Առանձնական աղօթքէն ետքը Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին, որուն Խորհուրդներու ընթերցումները կատարուեցան տարբեր լեզուներով եւ որուն աւարտին բարի գալուստի խօսք արտասնեց Լէյրիա – Ֆաթիմա թեմին եպիսկոպոսը, որուն յաջորդեց Նորին Սրբութեան ճառը։

 

Ֆաթիմայի մէջ աշխարհի բոլոր սրտերը միացան Քահանայապետի Սուրբ Վարդարանի աղօթքին որուն չորրորդ Խորհուրդին մէջ յատուկ աղօթք մը կատարուեցաւ խաղաղութեան համար զայն յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։

“Աղօթենք խաղաղութեան համար, որպէսզի Սուրբ Կոյսը, որ Ֆաթիմայի մէջ խնդրեց «Ես կ՛ուզեմ, որ վարդարանը աղօթէք, որպէսզի ձեռք բերուի խաղաղութիւնը», մեր աղօթքները մատուցէ Տիրոջ և աշխարհին շնորհուի յարատև խաղաղութեան շրջան:”

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Քահանայապետի օրհնութեամբ որմէ ետք ան ողջունելէ ետք մի քանի երիտասարդ հիւանդներ հրաժեշտ առաւ սրբավայրէն վերադարձ կատարելու համար Լիզպոն։


Յայտնենք թէ այս երեկոյ Սրբազան Պապը նախ հանդիպում պիտի ունենայ իր եղբայրակիցներուն հետ` Փորթուկալի մէջ գործող Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ ապա տեղական ժամով 20,45ին (Հռոմի ժամով 21,45) Թէյօ հրապարակին վրայ կը մասնակցի ԵՀՕ աղօթքի հսկումին որուն առիթով Ան դարձեալ պատգամ մը կ՛ուղղէ երիտասարդներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 10:51