Pope Francis in Portugal

Լիզպոնի ճամբորդութեան երկրորդ օրը կը յատկանշուի երիտասարդական աշխարհին հետ հանդիպումներով։

Կէսօրէն ետքը եւ աւելի ճիշտ երեկոյեան ժամը 17,45ին նախատեսուած է ԵՀՕ «Ընդունելութեան պաշտօնական արարողութիւնը», որով սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ պաշտօնական մասնակցութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ ԵՀՕ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, դրօշներու եւ ԵՀՕ խորհրդանիշերու` Խաչին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին ցուցադրումով ու Քահանայապետին ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն ուղղած առաջին պաշտօնական ճառով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լիզպոնի մէջ օրակարգը կը յատկանշուի երիտասարդական աշխարհին հետ անոր ունեցած հանդիպումներով, սկսեալ առաւօտեան` Փորթուկալի Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ երիտասարդ համալսարանականներուն հետ ունեցած հանդիպումէն, ապա Սքոլաս Օքուրէնդէսի «Cascais»ի կեդրոնատեղիին մէջ  Սքոլասի երիտասարդներուն հետ հանդիպումը։

Երկու հանդիպումներու ընթացքին երիտասարդները Քահանայապետին պիտի ներկայացնեն վկայութիւններ իսկ Սքոլասի հանդիպումին վկայութիւնները պիտի ներկայացուին տարբեր կրօններու պատկան երիտասարդներու կողմէ ապա կը ներկայացուցի  երեք քմ երկարութեամբ գեղարուեստական ​​շղարշ մը, զոր պիտի ստորագրուի Սրբազան Պապին կողմէ։

Սքոլասի հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ, որոնք հանդիպումի աւարտին Քահանայապետին հետ միասին պիտի մասնակցին երիտասարդներու կողմէ խաղաղութեան ձիթենիի տնկումի արարողութեան։

Կէսօրէն ետքը եւ աւելի ճիշտ երեկոյեան ժամը 17,45ին նախատեսուած է ԵՀՕ «Ընդունելութեան պաշտօնական արարողութիւնը», որով սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ պաշտօնական մասնակցութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ ԵՀՕ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, դրօշներու եւ ԵՀՕ խորհրդանիշերու` Խաչին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին ցուցադրումով ու Քահանայապետին ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն ուղղած առաջին պաշտօնական ճառով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 08:08