2023.08.07 Kreuz - Croce

Միայն սէրը կը մարէ ատելութիւնը, կը յաղթահարէ անարդարութիւնները ու մեզ կը դարձնէ եղբայրներ. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Գողգոթայի վրայ տեղի ունեցաւ «մեծ մենամարտը ընդմէջ Աստուծոյ, որ եկած է մեզ փրկելու և մարդը, որ կը ցանկանայ ինքզինք փրկել, ու նաեւ ընդմէջ Աստուծոյ մէջ հաւատք ունենալու եւ եսի պաշտամունքը....եւ հասաւ Աստուծոյ յաղթանակը, անոր ողորմութիւնը իջաւ աշխարհի վրայ։ Խաչէն բխեցաւ ներումը ու ծնունդ առաւ եղբայրութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միայն սէրը կը մարէ ատելութիւնը, միայն սէրը կը յաղթահարէ անարդարութիւնները մինչեւ վերջ։ Միայն սէրը տեղ կը բանայ միւսին համար։ Միայն սէրը ճանապարհն է մեր միջեւ լիարժէք հաղորդութեան»։ Այս եղաւ Քահանայապետական @pontifex թութըրեան կայքին վրայ 14 օգոստոսին հրապարակուած գրառումը։ Խօսքեր որոնք քաղուած են Ֆրանչիսկոս Պապին 20 Հոկտեմբեր 2020ին Աանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած «ոչ մէկը կը փրկուի առանցին – Եղբայրութիւն ու Խաղաղութիւն» վերտառութեամբ միջազգային հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր քարոզէն ուր նաեւ հաստատած էր թէ «սիրոյ պակասը մեր անձնական, ընկերային, միջազգային, բնապահպանական չարիքներուն հիմնական պատճառն է»։

Այդ առթիւ Ան բացատրեց նաեւ թէ Գողգոթայի վրայ տեղի ունեցաւ «մեծ մենամարտը ընդմէջ Աստուծոյ, որ եկած է մեզ փրկելու և մարդը, որ կը ցանկանայ ինքզինք փրկել, ու նաեւ ընդմէջ Աստուծոյ մէջ հաւատք ունենալու եւ եսի պաշտամունքը....եւ հասաւ Աստուծոյ յաղթանակը, անոր ողորմութիւնը իջաւ աշխարհի վրայ։ Խաչէն բխեցաւ ներումը ու ծնունդ առաւ եղբայրութիւնը», որովհետեւ ինչպէս ըսած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը «Խաչը մեզ եղբայրներ կը դարձնէ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2023, 13:30