2023.08.06 Viaggio Apostolico in Portogallo in occasione della XXXVII Giornata Mondiale della Gioventu' - Incontro con i volontari della GMG

Սիրել գործերով ու ծառայելով. Ֆրանչիսկոս Պապին 17 օգոստոսի թուիթը

«Ան որ կը սիրէ կը ծառայէ, կը վազէ դէպի ուրիշները անոնց ծառայելու յանուն Յիսուսի: Ան կը սիրէ գործերով, եւ սէրը երջանիկ կը դարձնէ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ան որ կը սիրէ անգործուն չի մնար, ով որ կը սիրէ կը ծառայէ, ան կը վազէ դէպի ուրիշները անոնց ծառայելու յանուն Յիսուսի: Ան կը սիրէ գործերով, եւ սէրը երջանիկ կը դարձնէ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 17 օգոստոսին հրատարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Քահանայապետին անցեալ 6 օգոստոսին Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ առիթով կամաւորներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ուղղած ողջոյնի խօսքէն, որուն մէջ Ան գնահատելով անոնց ծառայական աշխատանքը` «կատարուած ուրախութեամբ» ի միջի այլոց հաստատած էր նաեւ «Դուք մեծ գործեր կատարեցիք փոքրիկ ժեստերով, ժպիտով եւ պայծառ աչքերով, որովհետեւ անոնք լեցուն էին սիրով, նման այն ջուրի շիշին, որ հրամցուած է օտարականի մը...Դուք շատ վազեցիք, ոչ թէ առանց նպատակի արագընթաց այն վազքով, զոր աշխարհը կը պահանջէ, այլ վազք մը` որ տարաւ դէպի հանդիպում միւսներուն հետ։ Դուք Լիզպոն եկաք ծառայելու համար եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։ Շնորհակալութիւն»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2023, 13:30