Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէ՛ք անտարբեր չմնանք ծովու կոտորածներու դիմաց»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ Լամփետուզա կղզիի ափերուն մօտ նաւու խորտակման հետեւանքով մահացած են 41 գաղթականներ։
Խորտակումէն փրկուած են երեք տղամարդ եւ մէկ կին։ Ըստ փրկուածներուն, նաւուն մէջ կային 45 մարդ, որոնց շարքին երեք մանուկներ։
Նաւաբեկութենէն փրկուած անձերը յայտնեցին, որ 7 մեթր երկարութեամբ նաւը մեկնած է Թունիսի Սֆաքս քաղաքէն անցեալ հինգշաբթի, սակայն մի քանի ժամ ետք նաւը խորտակուած է մեծ ալիքի հարուածի հետեւանքով։ Կ՝ենթադրուի որ միայն 15 անձ ունէին փրկարարական բաճկոններ։
Միջերկրական ծովուն մէջ տեղի ունեցած նաւաբեկման տխուր լուրի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ Իր խոր ցաւն ու տխրութիւնը յայտնեց հրաւիրելով անտարբեր չմնալ այս ողբերգութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ աղօթել զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ