VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթք խնդրեց իր Մոնկոլիա կատարելիք ճամբորդութեան համար

Ան յիշեց նաեւ Յունաստանի մէջ հրդեհներու զոհերը եւ Սրբուհի Մոնիքայի տօնին առիթով նաեւ բոլոր տառապեալ մայրերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 օգոստոսին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող եւ ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նշեց, թէ յառաջիկայ հինգշաբթի` մի քանի օրուան համար պիտի մեկնի Ասիոյ սիրտ` Մոնկոլիա։

Առաքելական ճամբորդութիւն դէպի Մոնկոլիա

«Այս մէկը շատ ցանկալի այց մըն է, որ առիթ պիտի հանդիսանայ ողջագուրելու փոքրաթիւ Եկեղեցի մը, բայց հաւատքով աշխոյժ ու բարեսիրութեամբ վեհանձն» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, թէ այդ մէկը պիտի ըլլայ նաեւ առիթ` «մօտէն հանդիպելու կրօնական մեծ աւանդութեամբ ազնիւ եւ իմաստուն ազգի մը, որուն պատիւը պիտի ունենամ ծանօթանալու, մասնաւորապէս միջկրօնական ձեռնարկի մը ծիրէն ներս»։

«Այժմ կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել ձեզի` Մոնկոլիայի եղբայրներ եւ քոյրեր» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնելով այդ «ճամբորդութիւնը կատարելու ու անոնց մօտ գտնուելու` որպէս բոլորին եղբայր»։

Զօրակցութիւն Յոյն ժողովուրդին

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իշխանութիւններուն` հրաւէրին համար ու բոլոր անոնց, որոնք մեծ ջանքերով կը պատրաստեն այս իմ գալուստս։ Բոլորէն կը խնդրեմ որ աղօթքով ընկերանան այս այցելութեան» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը, յիշելով Յունաստանի մէջ բռնկած ծանր ու մեծ հրդեհները ու այդ հրդեհներուն զոհերը իր զօրակցութիւնը արտայայտելով Յոյն Ժողովուրդին։

Աղօթք ուքրանացիներուն ու տառապող մայրերուն համար

Նախ քան հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ողջունելը Քահանայապետը դարձեալ աղօթք խնդրեց ուքրանացի ժողովուրդին համար հրաւիրելով չմոռնալ Ուքրանիան իսկ ողջունելէ ետք ուխտաւորներու խումբերը յիշեց` որ այսօր կը յիշատակուի Սրբուհի Մոնիքայի` Սուրբ Օգոստինոսի մօր տօնը. «Ան` որ իր աղօթքներով եւ արցունքներով Տիրոջմէ կը հայցէր իր զաւկին դարձը։ Զօրաւոր կին, բարի կին մը. Աղօթենք բազմաթիւ այն մայրերուն համար, որոնք կը տառապին երբ անոնց զաւակները մոլորած են կամ կը գտնուին կեանքի դժուար ճամբաներուն վրայ», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն անոնց մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2023, 12:50