21 տարեկանին մահացած Փապլոյի նամակը Պապին «Պիտի չկարենամ մասնակցիլ ԵՀՕ, սակայն երկինքէն մօտիկ պիտի ըլլամ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սպանացի 21 տարեկան Փապլօ Ալոնսօ անունով երիտասարդ մը, ոսկորներու ծանր հիւանդութեան պատճառաւ, իր մահէն մէկ շաբաթ առաջ, հիւանդանոցին իր սենեակին մէջ մշտնջենական ուխտը կատարած ու անդամակցած է Քարմելիթեան միաբանութեան։ Եղբայր Փապլօ շատ կը փափաքէր Լիզպոն երթալ մասնակցելու համար ԵՀՕ։ Ան մահացած է անցեալ 15 յուլիսին։
Եղբայ Փապլօ Ալոնսօ 16 տարեկանին ախտորոշուած է Ewing հիւանդութիւնով։ Այդ ժամանակաշրջանին իր մէջ զգացած է կրօնաւորական կեանք ապրելու Աստուծոյ կոչումը ու միշտ աղօթած է մասնաւորապէս երիտասարդներու դարձի գալու եւ եկեղեցւոյ միութեան համար եւ երբեք չէ վախցած մահանալէ։ Անցեալ 15 յուլիսին, Մոնթէ Քարմելօ Տիրամօր տօնին նախօրէին եղբայր Փապլօ Մարիա Տէ Լա Քրուզ այս աշխարհէն հեռացաւ ու վերադարձաւ իր Հօր յաւիտենական տունը։
Եղբայր Փապլօ մահանալէ առաջ նամակ մը գրած է Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ նշած է, թէ շատ կը փափաքի մասնակցիլ ԵՀՕ։ Նամակին մէջ Եղբայր Փապլօ նշած է, թէ իր փորձառութեան վրայ հիմնելով ինք գիտակից, թէ ոչ մէկը կրնայ Յիսուսի սիրահարուած երիտասարդի մը սիրոյ ներքին կրակը մարել ու Տիրոջ կ՝աղօթէ որպէսզի, այդ Աստուծոյ սիրոյ կրակը Լիզպոնի մէջ վառի ու Երիտասարդները ճանչնան իր շատ Սիրած Յիսուսը, որ իրեն շատ բաներ տուած է ու զինք մխիթարած ու երջանիկ դարձուցած է։
«Ֆիզիքապէս առանց ուժի եմ, սակայն սուրբերու հաղորդութիւնը ինծի թոյլ պիտի տայ ձեր հետ սերտօրէն մասնակցելու։ Չեմ գիտեր, թէ իմ նամակս ստանալու ժամանակ, եթէ պիտի կարենամ աղօթքովս ձեզի ընկերանալ կամ ալ Աստուած իր անսահման ողորմութեան մէջ ինծի կանչած պիտի ըլլայ։ Այս պարագային, կը յուսամ, որ Աստուած ինծի թոյլ պիտի տայ ձեզի օգնելու եւ երկինքէն պիտի տօնակատարեմ ինչպէս միշտ դուք ըսած էք»։ Գրած է եղբայր Ալոնսօ
Նամակին մէջ եղբայր Ալոնսօ նշած է նաեւ թէ վեց տարիներէ ի վեր կը պայքարի Էտվիք հիւանդութեան դէմ եւ ինք գիտակից է, որ Աստուծոյ ծրագիրին մէջ ամէն բան իր իմաստը ունի։ Ան նամակը եզրափակած է, նշելով, թէ ինք բացայայտած է թէ իր կեանքին կեդրոնը ոչ թէ հիւանդութիւնն է այլ Քրիստոսը։ «Հիւանդութեանս տառապանքին մէջ Աստուծոյ հանդիպեցայ եւ մահուան միջոցաւ իրեն մօտ կ՝երթամ եւ ասոր համար իրեն շատ շնորհակալ եմ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ