Կարդինալ Մարենկօ. «Մոնկոլիայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին զինաթափ ընող խօսքերը ազդեցին նաեւ ոչ կաթողիկէներուն վրայ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մոնկոլիայի մայրաքաղաք, Ուլաանպաթորի առաքելական կառավարիչ, Կարդինալ ՃորՃօ Մարենկօ գնահատելով ու ամփոփելով Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիա կատարած 43-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը, զայն նկատեց բոլորին յոյսերէն ու սպասումներէն անցնող մեծ շնորհք ու ձրի պարգեւ մը։
«Շատեր ինծի գրեցին, թէ շատ տպաւորուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիայի ժողովուրդին պատմութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքը պանծացնող խօսքերէն» նշեց կարդինալ Մարենկօ աւելցնելով որ բազմաթիւ անձեր, հասարակութիւններ նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաներ բարձր արժեւորեցին ու հպարտացան Պապին Մոնկոլիայի ժողովուրդին ծագումն ու պատմութիւն ու գեղեցկութիւնը արժեւորող խօսքերէն։
Կարդինալ ՃորՃօ Մարենկօ դիտել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը արժէքաւորելէ անդին Մոնկոլացի ժողովուրդին պատմութիւնն ու գեղեցկութիւն կարեւորեց նաեւ Մոնկոլացիներուն դերակատարութիւնը՝ միջազգային ասպարէզէն ներս աշխարհային խաղաղութեան համար։
«Նորին Սրբութեան խաղաղութեան վկայութիւնը, խաղաղութեան պատգամը ինչպէս նաեւ այնպէս ինչպէս ինք ներկայացաւ որպէս խաղաղութեան ճանապարհորդ, վստահաբար նպաստեցին ստեղծելու նոր հեռանկար մը։
Նոյնիսկ ճամբորդութեան կարգախօսը «Միասին յուսալ» որ կը նշանակէ միշտ յոյս մը կայ, որ կը նշանակէ թէ ամէն ինչ սահմանուած չէ լոկ հաշիւներուն տրամաբանութեան կարողութենէն, հետաքրքրութենէն, այլ կայ մաքուր, բարոյական հոգեւորական աշխարհ մը, հիմնուած իսկական յարաբերութիւններուն վրայ, որ կրնայ ստեղեծել մշտական խաղաղութեան համար պայմաններ», ըսաւ Կարդինալ ՃորՃօ Մարենկոն նկատել տալով նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին անմիջական, պարզ որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր ներկայանալը, նպաստեցին՝ այցելութիւնը կարդալու փակ աչքերով, բացուելով այն պատգամին, որ ամէն ժողովուրդ իր յարաբերական կշիռէն եւ ծաւալէն անդին ունի պատասխանատուութիւն խաղաղութիւն կերտելու։
Կարդինալ ՃորՃօ Մարենկօ մաղթեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութենէն բխած սերմը աճի, արմատներ դնէ եւ միշտ դառնայ իրականութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ