Il Papa, la soluzione non � respingere, Europa accolga

Ֆրանչիսկոս Պապը Մարսիլիոյ մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Մարսիլիա ժամանած էր իր կողակիցին հետ Քահանայապետին բարի գալուստ մաղթելու առիթով։ ԱՆ մասնակցեցաւ « Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարսիլիա կատարած առաքելական 44րդ  ճամբորդութեան առիթով, Շաբաթ 23 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առիթը ունեցաւ երկու անգամ հանդիպելու Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին հետ, որ Մարսիլիա ժամանած էր իր կողակիցին հետ Քահանայապետին բարի գալուստ մաղթելու առիթով։ 

Մաքրոնը մասնակցեցաւ « Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։  

«Նորին Սրբութիւնը ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ որուն յաջորդեց  նուէրներու փոխանակում եւ նախագահական ընտանիքի ներկայացումը» կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ կը յայտնէ նաեւ թէ «Միևնոյն ժամանակ, հարակից սենեակին մէջ, տեղի ունեցաւ կարճ հանդիպում մը`  Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի և վարչապետ Էլիզապեթ Պորնի միջև՝ ներկայութեամբ պետքարտուղարութեան տեղակալ` ​​Գերապ. Էտկար Փենյա Փարրայի, Ֆրանսայի մէջ առաքելական նուիրակ` արքեպիսկոպոս Չելեսթինօ Միլիորէի եւ նուիրակութեան մէկ խորհրդականի: 

«Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահի հետ հանդիպման աւարտին Քահանայապետը ինքնաշարժով վերադարձաւ  Առաջնորդարան» կը նշէ միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Հնդիպումէն ետք Նախագահ Մաքրոն հրապարակած թուիթին մէջ գրեց. «Մարսիլիոյ համար, մեր երկրի համար՝ հպարտութիւն է Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունել Միջերկրականի Հանդիպումներուն առիթով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2023, 12:46