Քահանայապետը մօտիկութիւն յայտնեց Մարոքի ժողովուրդին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 10 սեպտեմբեր 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն իր մօտիկութիւնը յայտնեց «ահաւոր երկրաշարժի թիրախ սիրելի Մարոքցի ժողովուրդին»։
«Կ՛աղօթեմ վիրաւորներուն համար, անոնց համար, որոնք կեանքը կորսնցուցին, -բազմաթիւ են- եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ շտապ օգնութիւնը մատուցողներուն ու անոնց` որոնք գործի լուծուած են մեղմելու համար մարդոց տառապանքը։ Թող, որ բոլորի շօշափելի օգնութիւնը թիկունք ըլլայ բնակչութեան այս ողբերգական պահի ընթացքին` մօտիկ ըլլանք Մարոքի ժողովուրդին», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
Յիշելէ ետք Լեհաստանի մէջ երանելի հռչակուած Ուլմա ընտանիքը Նորին Սրբութիւնը նշեց որ միւս օր` 12 սեպտեմբերին Եթովպացի ժողովուրդը կը տօնախմբէ իր աւանդական նոր տարին ու ասկէ մեկնելով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց համայն ժողովուրդին մաղթելով, որ նոր տարին օրհնուած ըլլայ եղբայրական հաշտութեան ու խաղաղութեան շնորհքներով։
Սրբազան Պապը ողջունեց հուսկ Նորմատիոյ մէջ գտնուող Mont-Saint-Michel, Աբբայարանը` որ կը տօնախմբէ իր օծումին հազարամեակը, ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ կրօնուսոյցներուն` անոնց թանկարժէք գործունէութեան համար եւ խօսքը աւարտեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ