2023.09.17 Angelus

Քահանայապետը աղօթք խնդրեց Մարսիլիա կատարելիք ճամբորդութեան համար

Մինչ ձեզմէ կը խնդրեմ` որ աղօթքով ընկերանաք այս իմ ճամբորդութեանս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց` որոնք կ՛աշխատին պատրաստելու համար Մասրսիլիայի մէջ կայանալիք հանդիպումը` այդ ժողովուրդներով հարուստ քաղաքը` որ կոչուած է ըլլալու յոյսի նաւահանգիստ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Սեպտեմբեր 2023ի Կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, նախ յիշեց յառաջիկայ օրերուն` 22 եւ 23 սեպտեմբերին Մարսիլիա կատարելիք ճամբորդութիւնը «Rencontres Méditerranéennes - Միջերկրականի Հանդիպումները» խորագիրով ձեռնարկի եզրափակիչ նիստին առիթով։

«Ուրբաթ օր պիտի մեկնիմ Մարսիլիա մասնակցելու համար «Rencontres Méditerranéennes» եզրափակիչ նիստին, գեղեցիկ նախաձեռնութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ Միջերկրական ծովի կարևոր քաղաքներուն մէջ՝ համախմբելով եկեղեցական և քաղաքացիական առաջնորդներ՝ խթանելու խաղաղութեան, համագործակցութեան և ընդելուզման ուղիները` «Mare nostrum»-ի շուրջ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գաղթականութեան երեւոյթին» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ այս մէկը դժուար մարտահրաւէր մըն է, այնպէս ինչպէս կ՛իմանանք այս օրերու լուրերէն, զոր պէտք է դիմագրաւել միասին, քանի, որ ան էական է բոլորի ապագայի համար, որ կարելի է որ բարգաւաճ ըլլայ միայն` եթէ անիկա կառուցուի եղբայրութեան վրայ՝ առաջին տեղ դնելով մարդկային արժանապատուութիւնը, մարդիկը ու յատկապէս ամենակարիքաւորները։

«Մինչ ձեզմէ կը խնդրեմ` որ աղօթքով ընկերանաք այս իմ ճամբորդութեանս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց` որոնք կ՛աշխատին պատրաստելու համար Մասրսիլիայի մէջ կայանալիք հանդիպումը` այդ ժողովուրդներով հարուստ քաղաքը` որ կոչուած է ըլլալու յոյսի նաւահանգիստ։ Այժմէն իսկ կ՛ողջունեմ բոլոր բնակիչները այն սպասումով հանդիպելու սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն խումբերը խնդրելով, որ շարունակեն աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար ու նաեւ պատերազմէ արիւնոտ երկիրներուն մէջ խաղաղութեան համար։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2023, 12:30