Ֆրանչիսկոս Պապ պատմական այցելութեամբ ժամանեց Մոնկոլիա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները տեղական ժամով 9.51-ին (Իտալիոյ ժամով 3,51ին) վայրէջք կատարեց Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ճինկս Խան օդակայան ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի կոկիկ արարողակարգ մը` բարի գալուստ մաղթելու համար` պատմական այցելութեամբ կեդրոնական Ասիայի այս երկիր ժամանող առաջին Քահանայապետին անոր Քահանայապետութեան 43րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան առիթով։
Դէպի Մոնկոլիա թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումի առիթով Քահանայապետը ակնարկեց Մոնկոլիայի մէջ մեծ լռութեան ու հանդարտութեան ընդգծելով` որ «լաւ պիտի ըլլայ հասկնալ այդ լռութիւնը» ու թէ «Մոնկոլիան կը հասկցուի զգայարանքներով» ։
Ուլաանպաթար՝ վրաններու ու երկնաքերներու քաղաքը պատուաւոր հիւր մը ընկալեց, ինչպէս նշեցինք, կոկիկ մէկ արարողութեամբ ու Քահանայապետի ժամանումին օդանաւ բարձրացան Առաքելական Նուիրակութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը և Մոնկոլիայի արարողակարգի ղեկավարը, ողջունելու համար Քահանայապետը որ ապա օդանաւի սանդուխներուն առջեւ դիմաւորուեցաւ` ըստ Մոնկոլիայի փրոթոքոլային արարողակարգին, Երկրին արտաքին գործերու նախարար տիկին Պատմունխ Պատցեցեքին կողմէ։
Այլ տիկին մը` աւանդական տարազով Քահանայապետին նուիրեց չոր մածունի բաժակ մը, որմէ Նորին Սրբութիւնը համտեսեց կտոր մը, ուստի Քահանայապետն ու արտգործ նախարարը ունեցան հակիրճ հանդիպում մը, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Ուլաանպաթարի Առաքելական Նուիրակութեան պալատ, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ իր նստավայրը։
Ճամբորդութեան օրակարգը այսօրուայ համար ոչ մէկ պաշտօնական յայտագիր կը նախատեսէ` առաջին հանդիպումը եւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ վաղը` 2 սեպտեմբերին, Sukhbaatar հրապարակին վրայ, որուն կը յաջորդեն քաղաքական ու քաղաքացիական ընկերութեան հետ հանդիպումը մինչ կէսօրէն ետքը նախատեսուած է հանդիպում երկրին կղերական դասին հետ։
Առաքելական Նուիրակութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ խումբ մը տարեցներու ու հիւանդներու կողմէ ու նաեւ խումբ մը մանուկներու կողմէ` որոնք Անոր նուիրեցին ծաղիկներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ