«Յուսամ քաջութիւնն ունենալ Մարսիլիոյ մէջ ըսելիքներս ըսելու». Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը, որ Հռոմէն մեկնած էր ժամը 14,45ին Մարսիլիայի Միջազգային օդակայան ժամանեց 16,03ին։
Թռիչքի ընթացքին Քահանայապետը իր սովորութեան համաձայն ուզեց հանդիպիլ եւ ողջունել իր հետ ճամբորդող 70 լրագրողները ու անոնց ուղղած հակիրճ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրեն ընկերանալուն համար բարի աշխատանք մաղթելով բոլորին ու Մարսիլիան որակելով «Միջերկրականի դուր, ու պատուհան»։
Նորին Սրբութեան այս 44րդ միջազգային ճամբորդութեան նպատակն է մասնակցիլ գաղթականութեան նուիրուած «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին որ նախատեսուած է շաբաթ 23 սեպտեմբերին՜
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ