Քահանայապետին այցը Մոնկոլիայի նախագահին ու հանդիպումը իշխանութիւններուն հետ

Թող` որ մեծ ու պայծառ երկինքը, որ մոնկոլական երկիրը կ՛ողջագուրէ, լուսաւորէ եղբայրութեան նոր ուղիներ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոնկոլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը իր պաշտօնական այցելութիւնը ու հանդիպումները սկսաւ շաբաթ` 2 սեպտեմբերի առաւօտեան, տեղական ժամով 8,45 (Հռոմ` 2,45) Ուլաանպաթորի Նուիրակութենէն փոխադրուելով Sükhbaatar հրապարակ, որ կը կրէ 1921ին Մոնկոլիայի անկախութիւնը հռչակող մոնղոլական յեղափոխական հերոս Տամտին Սուխպաթորի անունը ու կառուցուած է նոյն վայրին վրայ ուր ան հռչակած է Մոնկոլիայի անկախութիւնը։

2013ին տեղական իշխանութիւնները փոխած էին հրապարակին անունը զայն նուիրելով Ճինկս Խանին` Ազգի հիմնադիր հօր, սակայն 2016 թուականին Sükhbaatarի ժառանգները դատը շահեցան ու հրապարակը դարձեալ անուանուեցաւ Տամտին Սուխպաթորի անունով։

Մոնկոլիայի նախագահական պալատը
Մոնկոլիայի նախագահական պալատը

Հրապարակը կը գտնուի նախագահական պալատին կից եւ հրապարակ ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Մոնկոլիայի Նախագահին կողմէ ապա տեղի ունեցաւ բարի գալուստի փրոթոքոլային արարողակարգը եւ պատուիրակութիւններու ներկայացումը։ Հուսկ Քահանայապետն ու Մոնկոլիայի նախագահը երկու տարբեր ինքնաշարժներով փոխադրուեցան Պետական Պալատ, ուր նախ Պալատի երկրորդ յարկ բարձրացան յարգանքի տուրք մատուցելու Ճինկս Խանի արձանին ապա Պալատի հինգերորդ յարկին մէջ տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպումը «Gran Ger» կոչուած յարկաբաժնին մէջ (Յիշեցնենք որ Gerը մոնղոլական աւանդական վրանն է)։

Քահանայապետը նախագահական պալատին մէջ
Քահանայապետը նախագահական պալատին մէջ

Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը ստորագրեց նաեւ Նախագահական պալատի ոսկեմատեանը այնտեղ արձանագրելով հետեւեալ խօսքերը

“Խաղաղութեան ուխտաւոր այս երիտասարդ և հին, ժամանակակից և աւանդոյթներով հարուստ երկրին մէջ, ինծի համար պատիւ է քալել հանդիպման և բարեկամութեան ճանապարհներով, որոնք յոյս կը հրահրեն: Թող` որ մեծ ու պայծառ երկինքը, որ մոնկոլական երկիրը կ՛ողջագուրէ, լուսաւորէ եղբայրութեան նոր ուղիներ:”

Նախագահին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակումը եւ նախագահական ընտանիքի ներկայացումը ապա Սրբազան Պապը Նախագահի ընկերակցութեամբ փոխադրուեցաւ Ikh Mongol սրահ ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը քաղաքական, քաղաքացիական ընկերութեան, դիւանագիտական մարմնի ու գործատէրերու եւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, թիւով գրեթէ 700 անձ։

Հանդիպում քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ
Հանդիպում քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ

Քահանայապետին ուղղուած Նախագահին բարի գալուստի խօսքէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Այս հանդիպումին հետեւեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումները Երկրի Խորհրդարանի նախագահին ապա Վարչապետին հետ, որմէ ետք Ան դարձեալ փոխադրուեցաւ Առաքելական Նուիրակութեան պալատ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2023, 06:39