ՄՈՆԿՈԼԻԱ. Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող պատերազմի ամպերը անցնին, գործի լծուինք խաղաղ ապագայի համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 2 սեպտեմբերին, Մոնկոլիա կատարած պատմական առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երկրին նախագահին ու նախագահական պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ Երկրի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու կրօնական ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած ճառերէն առաջինը։
Արտասանած ճառին սկիզբը Սրբազան Պապը ուզեց նախ շնորհակալութիւն յայտնել իրեն վերապահուած ընդունելութեան համար պատիւ զգալով այնտեղ գտնուելուն համար ու ծանօթանալու այս երկրի ժողովուրդին` որ «գիտէ քալելու արժէքը»։
Բարեկամութեան ուխտաւոր
Քահանայապետը առ այդ իր ճառին որպէս ներշնչումի կիզակէտ ընտրեց մոնղոլական աւանդական«ger»ը` տունը որ ընդհանրապէս վրան մըն է, հաստատելով թէ ինք եկած է «որպէս բարեկամութեան ուխտաւոր»։
Ակնարկելով այս տարի յիշատակուող Մոնկոլիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ 30 տարուայ դիւանագիտական կապերուն ու նաեւ 777 տարիներ առաջ` 1246ի օգոստոսի աւարտին ու սեպտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած հանդիպումի մը` երբ Եղբ. Ճովաննի տի Փիան տել Քարփինէն, որպէս Քահանայապետի պատուիրակ, այցելեց մոնղոլական երրորդ կայսրը` Կույուկը, անոր ներկայացնելով Իննոչենցօ Չորրորդ Քահանայապետին պաշտօնական նամակը, Սրբազան Պապը նշեց` թէ «այդ նամակը պահպանուած է Վատիկանի Մատենադարանին մէջ եւ այսօր պատիւը ունի ներկայացնելու անոր վաւերացուած պատճէնը, որպէս հին բարեկամութեան նշան, որ կ՛աճի եւ կը նորոգուի»։
Հորիզոնին ուղղուած հայեացքը
Քահանայապետը խօսեցաւ ապա այն սովորութեան մասին` երբ առաւօտ կանուխ «կէր»ի դռնէն մանուկները իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի հեռաւոր հորիզոնը համրելու համար անասուններուն թիւը ու թիւը փոխանցելու իրենց ծնողաց, եւ ասկէ մեկնելով նշեց` թէ «մեզի համար ալ լաւ պիտի ըլլայ հայեացքով ողջագուրել մեզ շրջապատող հորիզոնը` յաղթահարելով նեղմիտ մտածողութիւնը և բացուելով ընդհանուր մտածելակերպին», ապա ակնարկեց Երկրի բնական հարստութիւններու գեղեցկութեան ու բնակչութեան իմաստութեան, որ միշտ ուշադիր եղած է չի խախտելու բնապահպանական համակարգի նուրբ հաւասարակշռութիւնը եւ «շատ բան ունի սորվեցնելիք անոնց` որոնք այսօր չեն ուզեր փակուիլ անհեռատես առանձնայատուկ հետաքրքրութեան որոնումներուն մէջ, այլ կը փափաքին եկող սերունդներուն փոխանցել տակաւին հիւրընկալ ու պտղաբեր հող մը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ «կէր»երը բնակուելիք վայրեր են, զոր այսօր կարող ենք սահմանել «զմարթ» կամ «կրիին» ու այս ուղղութեամբ մատնանշեց մոնղոլական շամանիք տեսութեան ու պուտտիսթական փիլիսոփայական մօտեցումին` յարգելու բոլոր կենդանի արարածները, այս մէկը նկատելով կարեւոր սատար Երկիր մոլորակը պաշտպանելու հրատապ յանձնառութեան ։
Աւանդութեան ու արդիականութեան միջեւ ներդաշնակութիւնը
«Կէր»երը ապա կը վկայեն աւանդութեան ու արդիականութեան միջեւ թանկարժէք միութիւնը, կը միացնեն տարեցներու եւ երիտասարդներու կեանքերը ու կը խօսին մոնկոլ ժողովուրդի շարունակականութեան մասին, որ գիտցաւ պահպանել իր արմատները, բացուելով նաեւ` զարգացումի եւ ժողովրդավարութեան ընդհանուր մարտահրաւէրներուն։
«Մոնկոլիան այսօր իր էութեամբ ու մարդկային իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումով կարեւոր դեր մը ունի Ասիական ցամաքամասին ու միջազգային իրականութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով մոնկոլիայի որոշ դիրքորոշումներուն` ինչպէս դադարեցնել միջուկային զէնքի տարածումը։
Մոնղոլական խաղաղութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց հուկ Ճինկս Խանի ծննդեան 860 ամեակը, նշելով` որ դարերու հոլովոյթին մոնկոլները հասնելով հեռաւոր երկիրներ ճանչցան այլ ժողովուրդներու հմտութիւնները ու զանոնք դրին հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ ու ասկէ մեկնելով իղձ յայտնեց, որ «բազմաթիւ հակամարտութիւններէ տառապող երկրին մէջ, միջազգային օրէնքներու յարգանքով, ստեղծուի մոնղոլական խաղաղութիւնը` այսինքն պատերազմներու պակասը»։
«Ինչպէս ձեր մէկ ասացուածքը կ՛ըսէ «ամպերը կ՛անցնին` երկինքը կը մնայ։ Թող անցնին մութ ամպերը պատերազմին, թող անոնք անհետանան համաշխարհային եղբայրութեան կամքի հետեւանքով, եւ լարուածութիւնները լուծուին հանդիպումի եւ երկխօսութեան հիման վրայ ու բոլորին երաշխաւորուի հիմնական իրաւունքները» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու շարունակեց. «այստեղէն` պատմութեամբ ու երկինքով հարուստ երկրէն, այդ պարգեւը հայցենք Բարձունքէն ու գործի լծուինք միասին կառուցելու համար խաղաղ ապագայ մը»։
Կրօնական ազատութիւնը եւ կրօններու դերը
Դարձեալ «կէր»ին ակնարկելով Նորին Սրբութիւնը այս անգամ խօսեցաւ անոր առաստաղին կեդրոնը զետեղուած կլոր պատուհանի մասին, որմէ լոյսը մուտք կը գործէ եւ որ առիթ կու տայ դիտելու երկինքը։ Ան հրաւիրեց գիտնալ աչքերը դէպի երկինք բարձրացնել նշելով, որ Մոնկոլիան կրօնական ազատութեան տիպար է ու թէ կրօնները` եթէ հիմնուին իրենց իսկական հոգեւոր ժառանգութեան վրայ, կարող են դառնալ յուսալի խթան, առողջ և բարգաւաճ հասարակութիւններու կառուցման գործին մէջ, ուրտեղ հաւատացեալները յանձնառու են` որպէսզի քաղաքացիական համակեցութիւնը և քաղաքական ծրագիրները աւելիով ծառայեն հասարակաց բարիքին, հանդիսանալով նաեւ խոչընդոտ կաշառակերութեան վտանգաւոր որդերուն դէմ:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը
Մատնանշելով հուսկ` թէ մոնկոլները կը ճանչնան տարբեր դաւանանքներու հաւատացեալներու միջև ներդաշնակութեան և միասին գործելու էական արժէքը, որ կը նպաստէ ժողովուրդներու բարոյական և հոգևոր առաջընթացին, Սրբազան Պապը յայտնեց, որ Մոնղոլական կաթողիկէ հասարակութիւնը, թէեւ փոքր, ուրախ է այս ուղղութեամբ շարունակելու իր սատարը, եւ ակնարկելէ ետք կաթողիկէ եկեղեցւոյ երեսուն տարուայ գործունէութեան ` Քահանայապետը, իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ կաթողիկէ հասարակութիւնը կը շարունակէ մասնակցիլ Երկրի բարգաւաճումի գործընթացին, տարածելով զօրակցութեան, յարգանքի ու միջկրօնական երկխօսութեան մշակոյթը մը, ինչպէս նաեւ ծառայելու արդարութեան, խաղաղութեան եւ ընկերային ներդաշնակութեան։
Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը կարեւորեց Մոնկոլիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի համաձայնագիրը, որ բանակցային փուլի մէջ կը գտնուի, եւ որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առիթ պիտի ընծայէ աւելի լաւ կերպով կատարելու իր գործունէութիւնը` յատկապէս մարդկային համապարփակ զարգացումի ծիրէն ներս սահմանուած` կրթական, առողջապահական, մշակութային հետազօտութիւններուն ու առաջխաղացումի ոլորտներուն, որոնք յստակօրէն կը վկայեն Յիսուսի Աւետարանի խոնարհ, եղբայրական և աջակցող հոգիի մասին, որպէս միակ ճանապարհը, որուն վրայ կոչուած են քալել կաթողիկէները։
Յուսալ միասին
Ճառին վերջին հատուածը կեդրոնացաւ ճամբորդութեան կարգախօսն վրայ` «Յուսալ Միասին»։
Քահանայապետը այս ուղղութեամբ նշեց, թէ ան կ՛արտայայտէ իրար հետ քալելու ներուժը` փոխադարձ յարգանքով և հասարակաց բարիքին ի սպաս միասնական գործակցութեամբ, այս ծիրէն ներս վստահեցնելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարն ու ներդրումը` կառուցելու համար մոնղոլական ապահով ու բարգաւաճ ընկերութիւն մը։
«Թող մոնղոլական հասարակութեան բազմազան բաղադրիչները, որոնք լաւ ներկայացուած են այստեղ, շարունակեն աշխարհին առաջարկել այս եզակի ժողովուրդի գեղեցկութիւնն ու ազնուականութիւնը: Այնպէս ինչպէս ձեր գրութիւնը, դուք կարող էք մնալ «կանգնած» և թեթևցնել ձեր շուրջը գտնուող մարդկային շատ տառապանքները, յիշեցնելով իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը, որ կոչուած է բնակելու երկրային տունը ողջագուրուելով երկինքը» Պայառլալաա! Շնորհակալութիւն։ Եղան Ֆրանչիսկոս Պապին` Մոնկոլիայի քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի անդամներուն ուղղած ճառին վերջին խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ