Ֆրանչիսկոս Պապը Հոնք Քոնկի չինացի երկու եպիսկոպոսներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Հոնք Քոնկի չինացի երկու եպիսկոպոսներու հետ

«Դուք կը գտնուիք սրտիս մէջ ու պիտի մնաք այնտեղ» Քահանայապետին շնորհակալութիւնները Մոնկոլիային եւ ողջոյնը Չինացի ազնուական ազգին

Ֆրանչիսկոս Պապը Մոնկոլիայի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց Մոնկոլիայի հասարակութեան եւ իշխանութիւններուն եւ իր մօտ կանչեցլով երկու չինացի եպիսկոպոսներ եպիսկոպոսներ ուզեց իր ողջոյնները յղել Չինաստանի ազնիւ ժողովուրդին` անոր մաղթելով ամենայն բարիք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոնկոլիա կատարած առաքելական պատմական ճամբորդութեան առիթով կիրակի 3 սեպտեմբերին մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նախ քան Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը շնորհակալական խօսք ուղղեց եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն` իրեն վերապահած սիրալիր հիւրասիրութեան համար։

Ողջոյն Չինաստանի ազնիւ ժողովուրդին

Նախ քան շնորհակալութեան խօսքը արտասանելը Քահանայապետը իր մօտ կանչեց երկու համապատարագիչ եպիսկոպոսներ ու զանոնք ներկայացնելով ըսաւ, թէ «այս երկու եպիսկոպոս եղբայրները` Հոնք Քոնկի վաստակաւոր եւ հիմակուայ եպիսկոպոսներն են», մէկը Յիսուսեան միւսը Սալեզեան, նշելով նաեւ, թէ ինք կ՛ուզէ «առիթէն օգտուիլ «իր ողջոյնները յղելու համար Չինացի ազնուական ազգին։ «Համայն ժողովուրդին կը մաղթեմ ամենայն բարիք, յառաջ ընթանալ եւ բարգաւաճիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու Չինաստանի կաթողիկէները հրաւիրեց ըլլալու բարի քրիստոնեաներ ու բարի քաղաքացիներ։ «Կ՛ողջունեմ բոլորը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Մոնկոլիայի Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ հանդիպումին համար։ «Ես, ըսաւ Սրբազան Պապը, այս ուխտագնացութիւնը սկսայ մեր սպասումներով, ցանկութեամբ ձեզի հանդիպելու ու ձեզ ճանչնալու եւ այժմ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ ձեզի համար, որովհետեւ ձեր միջոցաւ Ան կը սիրէ փոքրիկ բաներով իրագործել մեծ բաներ»։

Շնորհակալութիւն բարի քրիստոնեաներ

«Շնորհակալութիւն ձեզի` որովհետեւ բարի քրիստոնեաներ ու ազնիւ քաղաքացիներ էք։ Յառաջ ընթացէք, հեզութեամբ ու անվախ, զգալով համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը, ու մասնաւորապէս Տիրոջ քնքուշ հայեացքը ձեր վրայ, որ չի մոռնար եւ ոչ մէկը ու սիրով կը նայի իւրաքանչիւր զաւկի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց եպիսկոպոսները, կղերական դասի անդամները եւ այլ երկիրներէն ժամանած «բարեկամները», յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց` որոնք օգնութիւն կը մատուցեն տեղական Եկեղեցւոյ, անոր աջակցելով հոգեպէս և նիւթապէս։

Շնորհակալութիւն իշխանութիւններուն

Սրբազան Պապին շնորհակալութիւնը ուղղուեցաւ նաեւ Մոնկոլիայի նախագահին ու իշխանութիւններուն իրեն վերապահած հիւրընկալութեան ու ճամբորդութեան պատրաստութեան համար, Ան ապա «ի սրտէ» ողջունեց քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչները, հրաւիրելով` «շարունակել աճիլ միասին եղբայրութեան մէջ, որպէս խաղաղութեան սերմեր, աշխարհի մը մէջ, որ ցաւօք խաթարուած է չափազանց շատ պատերազմներով և հակամարտութիւններով»:

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` որոնք աշխատեցան ճամբորդութիւնը պատրաստելու ու անոր յաջողութիւնը ապահովելու ու նաեւ անոնց` որոնք ճամբորդութեան ընկերացան աղօթքով։

Շնորհակալութիւն Մոնկոլ ժողովուրդին

Վերջին շնորհակալութիւնը ուղղուեցաւ ապա Մոնկոլ ժողովուրդին` «բարեկամութեան պարգեւին համար զոր ընկալեցի այս օրերուն» ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց. «շնորհակալութիւն քու հարազատ կարողութեանդ համար` կեանքի նոյնիսկ ամենապարզ կողմերը գնահատելու, յարաբերութիւններուն ու աւանդոյթները խելամտօրէն պահպանելու, առօրեայ կեանքը խնամքով և ուշադրութեամբ զարգացնելու»։

Կը մնաք իմ սրտիս մէջ

Խօսքի աւարտին Քահանայապետը ակնարկեց Յիսուսեան միաբան Հայր Փիէր Թէյիյարտ տը Շարտէնի հարիւր տարիներ առաջ Օրտոսի անապատին մէջ արտասանած աղօթքին ու զայն կրկնելէ ետք դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մոնկոլիայի եղբայրներուն ու քոյրերուն», հաւաստիացնելով, որ անոնք կը «գտնուին իր սրտին մէջ ու պիտի մնան այնտեղ» ապա խնդրեց` որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2023, 11:25