Մարսիլիայէն վերադարձին Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Տիրամօր տաճարը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր` միջազգային իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութիւններէն առաջ ու ետքը պարտաւոր ժամադրութիւն դարձած է եւ շաբաթ 23 սեպտեմբերին եւս Ան Հազիւ աւարտած 44րդ միջազգային ճամբորդութիւնը, Մարսիլիա քաղաքէն վերադարձին անմիջապէս ուղղուեցաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրամօր` ճամբորդութեան յաջողութեան համար։
Լուրը հաղորդեց ինչպէս միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով, որ «Նորին Սրբութիւնը կանգ առաւ եւ աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ» ապա այցելութեան աւարտին վերադարձ կատարեց Վատիկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ