«Հաւատքը չի տարածուիր աշխարհի ուժով այլ խաչին իմաստութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր Լատին Եկեղեցին կը տօնէ խաչվերացի տօնը եւ տօնին առիթով Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական «ԷՔՍ»ի էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը` «Հաւատքը չի տարածուիր աշխարհի ուժով այլ խաչին իմաստութեամբ, ոչ թէ կառոյցներով այլ վկայութեամբ։ Եւ այսօր Տէրը, խաչին վառ լռութենէն քեզի հարց կու տայ. կ՛ուզե՞ս իմ վկան դառնալ»։
Սրբազան Քահանայապետին այս խօսքերը քաղուած են Անոր` 2021ի 12-15 Սեպտեմբերին Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 52րդ Գիտաժողովին առիթով Պուտաբեշտ կատարած` առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս 14 սեպտեմբերին մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն։
Ան այդ առիթով ի միջի այլոց ըսած էր նաեւ` թէ «մի քանի սուրբեր մեզի կը սորվեցնեն, որ խաչը նման է գիրքի մը` որուն ծանօթանալու համար պէտք է զայն բանանք ու կարդանք։ Չի բաւեր գիրքը գնել, աչք մը նետել ու զ գեղեցիկ դարանի մը վրայ։ Նոյնն է նաեւ Խաչին համար. Բազմաթիւ են խաչերը, որոնց կը հանդիպինք տուներուն, վիզերուն, ինքնաշարժներուն կամ գրպաններուն մէջ։ Բայց այդ բոլորը ապարդիւն են, եթէ մենք կանգ չառնենք դիտելու համար Խաչը, եթէ անոր չբանանք մեր սիրտը, եթէ թոյլ չտանք գրաւուիլ մեզի համար բացուած վէրքերուն ի տես, եթէ մեր սիրտը յուզմունքով չի լեցուիր ու եթէ արցունք չենք դափեր Աստուծոյ դիմաց` որ սիրով վիրաւորուեցաւ մեզի համար։ Այլապէս Խաչը կը նմանի չի կարդացուած գիրքի մը որուն տիտղոսն ու հեղինակի անունին ծանօթ ենք բայց մեր կեանքին մէջ ոչ մէկ դրոշմ ունի։ Խաչը չվերածենք լոկ պաշտամունքի առարկայի, առաւել եւս՝ քաղաքական խորհրդանիշի կամ կրօնական և ընկերային բնոյթ ունեցող նշանի: Վկաները վկաներ կը յառաջացնեն, որովհետեւ անոնք կեանք նուիրող են։ Այդպէս է` որ կը տարածուի հաւատքը` վկայութեամբ։ Եւ այսօր Տէրը, խաչին վառ լռութենէն քեզի հարց կու տայ. կ՛ուզե՞ս իմ վկան դառնալ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ