Մարսիլիա Մարսիլիա 

Ֆրանչիսկոս Պապ` արդի պատմութեան մէջ որպէս առաջին Քահանայապետ պիտի մեկնի Մարսիլիա

Մարսիլիա քաղաք այցելող վերջին Քահանայապետը եղած է Կղէմէս Է, երբ Ան քաղաք ժամանեց Ֆրանչեսքօ Ա Թագաւորի որդի ապագայի Էնրիքօ Բ թագաւորի, իր թոռնիկ` Քաթերինա Տէ Մետիչիի հետ ամուսնութեան առիթով։ Ֆրանչիսկոս Պապին երկօրեայ ճամբորդութեան նպատակն է մասնակցիլ «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի 19 սեպտեմբերին ժամը 12.15 անց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունին, լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 22 եւ 23 սեպտեմբերին, “Rencontres Méditerranéennes” փառատօնին առիթով Մարսիլիա կատարելիք ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները։

Կղէմէս Է Քահանայապետէն ետքը առաջին Պապը` որ կ՜այցելէ Մարսիլիան

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին Քահանայապետն է, որ 1533 ազդին կ՛այցելէ ֆրանսական այս քաղաքը, տարին երբ Կղէմէս Է Պապը քաղաք ժամանեց`   Ֆրանչեսքօ Ա Թագաւորի որդի` ապագայի Էնրիքօ Բ թագաւորի, իր թոռնիկ` Քաթերինա Տէ Մետիչիի հետ ամուսնութեան առիթով։ Մարսիլիան կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելած ֆրանսական երկրորդ քաղաքը` 25 նոյեմբեր 2014ին Սթրազպուրկ կատարած այցելութենէն ետքը։

Կարգախօս եւ նշանաբան

Նորին Սրբութիւնը Մարսիլիա կը մեկնի մասնակցելու համար «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի փակման նիստին։ Փառատօնի կարգախօսն ու նշանաբանի հիմնական խորհրդանիշը ծովու ալիքներու վրայ գտնուող նաւն է, որ կը ներկայացնէ Եկեղեցին: Իր նաւարկութեան մէջ ան որպէս իր յղման կէտ ունի Տիրամայրը` որ պատկերացուած է Մարսիլիա քաղաքի «Notre Dame de la Gard» պազիլիքայի արձանով։ Նաւակը կողմնորոշուած ​​է արևով և խաչով՝ Քրիստոսի մահուան և յարութեան խորհրդանիշներով։

նշանաբանը շրջապատուած է խճանկարային գծով՝ ի նկատի ունենալով Փառատօնի կարգախօսը՝ «Mosaïque d’espérance»։ Կարգախօսը կը յիշեցնէ միասնաբար աշխատող մարդոց նախաձեռնութիւնները, զուսպ ժեստերը, որպէս միջերկրականի մէջ յոյսի նշան` ու նաեւ կ՛ուզէ անդրադառնալ մշակոյթներու, կրօններու և բնակչութեան բազմազանութեանը, որոնք կեանք կու տան Միջերկրական ծովուն եզակի համատեքստին։

«Rencontres Méditerranéennes» փառատօնը

«Rencontres Méditerranéennes» փառատօնը շարունակութիւնն է 2020ին Իտալիոյ Պարի քաղաքի եւ 2022ին Ֆիրենցէյի մէջ տեղի ունեցած երկու հաւաքներուն, որոնք համախմբեցին Միջերկրական Ծովուն ափերուն վրայ գտնուող երկիրներու եկեղեցական եւ քաղաքացիական ընկերութեան պատկան ներկայացուցիչները եւ ահա այժմ` 17էն 24 սեպտեմբերին, հանգրուան կը կատարէ Մարսիլիա, որ իր կարգին եղած է Արեւելքին դուրը եւ հիւրընկալած է Արեւելքէն եւ հարաւէն ժամանած բազմաթիւ ժողովուրդներ` հրեաներ, հայեր, մաղրէպցիներ եւ այլք... մինչ այսօր այնտեղ բնակութիւն հաստատած են Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան տարբեր քրիստոնեայ հասարակութիւնները։

Փառատօնին նպատակն է համախմբել Միջին Արեւելքի եւ աւելի ճիշտ միջերկրական ծովուն շուրջը գտնուող երկիրներու Եկեղեցիները ու անոնց կողքին նաեւ բարի կամքի մարդիկը, այնպէս ընելով, որ Միջերկրականի ժողովուրդներն ու մշակոյթները դարձեալ խայտան ուրախութեամբ եւ յոյսով` փոխան բաժանումներու ու պատերազմի։

Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ տարբեր վայրերէ ժամանած տարբեր ազգութիւններու եւ կրօններու պատկան 120 երիտասարդներ, ապա 30 երկիրներու եպիսկոպոսներ եւ այլ ընկերակցութիւններու եւ մշակութային ու բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ըստ կազմակերպիչներուն փառատօնին կը սպասուին աւելի քան վաթսուն հազար այցելուներ, որոնց համար կազմակերպուած են տասնեակ ձեռնարկներ ու հանդիպումներ։

Ճամբորդութեան օրակարգը

Քահանայապետը Հռոմէն կը մեկնի, Ուրբաթ 22 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 2,35ին Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն եւ շաբաթ 23 սեպտեմբերին կը մասնակցի «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի փակման նիստին։

Հանդիպում կղերական դասին ու այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ

Մարսիլիա ժամանելուն տեղական ժամով 16,15ին Քահանայապետը կը դիմաւորուի Ֆրանսայի Վարչապետին կողմէ, ապա բարի գալուստի փրոթոքոլային արարողութենէն ետքը, կը փոխադրուի «Notre Dame de la Garde» Պազիլիքա, ուր հանդիպում կ՛ունենայ եւ կ՛աղօթէ Թեմական կղերին հետ, որուն աւարտին` ծովուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւաստիներուն եւ գաղթականներուն նուիրուած Յուշակոթողին մօտ այլ կրօններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ հուսկ ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը եւ կ՛աւարտէ Մարսիլիայի երկօրեայ ճամբորդութեան առաջին օրուայ պաշտօնական յայտագիրը։

«Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի մասնակցութիւն եւ Սուրբ Պատարագ

Շաբաթ 23 սեպտեմբերի օրակարգը կը սկսի թշուառութեան մէջ ապրող մի քանի անհատներուն հետ Քահանայապետին առանձնական հանդիպումով, ապա ժամը 10ին  կը փոխադրուի «Palais du Pharo»` ուր կը մասնակցի «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։ Հանդիպումին նախատեսուած  է  800 անհատներու մասնակցութիւնը, ի շարս որոնց եպիսկոպոսներ, երիտասարդներ ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներ, որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ  իր ճառը։

Վերոնշեալ ձեռնարկին կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ պաշտօնական հանդիպումը` միշտ “Palais du Pharo”ի մէջ, ուր նախատեսուած է առանձնազրոյց, նուէրներու փոխանակում եւ պաշտօնական նկար։

Շաբաթ օրուայ երկորդ կէսին` ժամը 16,15ին Նորին Սրբութիւնը Մարսիլիոյ «Stadio Vélodrome» մարզադաշտին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որուն առթիւ նաեւ կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի քարոզը եւ որուն աւարտին կը փոխադրուի Մարսիլիոյ միջազգային օդակայան եւ այնտեղ տեղի ունեցող Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետքը վերադարձ կը կատարէ Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 20,50անց։

Նշենք որ Ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի ուղղէ ընդամէնը երեք ճառ ու մէկ քարոզ։

Մարսիլիա քաղաքը եւ կաթողիկէ Եկեղեցին

Մարսիլիան ունի 650 քմ քառակուսի տարածք եւ 1 միլիոն 083 բնակչութիւն, որոնցմէ 742 հազարը կաթողիկէ են։

Այնտեղ կը գործեն 108 ժողովրդապետութիւններ, չորս հովուական խնամակալութեամբ զբաղող կեդրոններ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայեն չորս եպիսկոպոսներ, 119 թեմական քահանաներ եւ 79 կրօնաւոր քահանաներ, հուսկ 29 մնայուն սարկաւագներ, 32 կրօնաւորներ ու 245 կրօնաւորուհիներ ապա 252 կրօնուսոյցներ։

Գալով դպրոցներուն Եկեղեցին կը մատակարարէ` 101 մանկապարտէզ և առաջնակարգի դպրոցներ ու 65 միջնակարգ դպրոցներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 12:43