Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աստուածաշունչի ընկերկացութեան անդամներէն մէկը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աստուածաշունչի ընկերկացութեան անդամներէն մէկը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աշխարհը ցնցուած է պատերազմի եւ մահուան արձագանգներէն, ապրինք որպէս եղբայրներ»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքին ուխտերուն, Նոյի, Աբրահամի եւ Իսրաէլի ժողովուդի ընտրութեան ուխտերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալական Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամներն ու Աստուածաշունչի ուսուցիչները, որոնք Հռոմ եկած են ազգային սուրբ գիրքին 47-րդ հաւաքին համար։։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ վերոյիշեալ հաւաքին այս տարուան նիւթին, որ է Սուրբ Գիրքին ուխտերը։

Խօսելով Սուրբ Գիրքին ուխտերու մասին Նորին Սրբութիւնը նախ անդրադարձաւ Նոյի ուխտին նշելով, որ «Ջրհեղեղի պատմութեան մէջ (Ծննդ 6-9) Աստուած դարձեալ յոյս եւ փրկութիւն տուաւ ատելութենէ եւ բռնութենէ վրդովուած մարդկութեան, Հայրապետին արդարադատութեան միջոցաւ ու ադ արդարութիւնը ինքնին անփոխարինելի բնապահպանական հարթութիւն ունի, Արարչին ձեռքով բնութեան մէջ գրուած կշռոյթներուն յարգանքի եւ բացայայտումին մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա զրուցելով Աբրահամի ուխտին մասին նշեց, որ այդ պատկերը նաեւ այժմէական է՝ իր արդիականութեամբ։ «Վատիկանի Բ տիեզերական ժողովը կ՝ուսուցանէ թէ մահերով եւ պատերազմներով բնորոշուած ժամանակուան մէջ, մէկ Աստուծոյ նկատմամբ ընդհանուր հաւատքը հրաւէր ու քաջալերանք է որպէս եղբայրներ ապրելու» ըսաւ Սրբազան Հայը։

Ի վերջոյ անդրադառնալով երրորդ ուխտին, օրէնքի եւ Իսրայէլի ընտրութեան ուխտը։ Այս գծով Սրբազան Հայրը նշեց թէ Աստուած երբեք չ՝ընտրեր մէկ մը՝ բացառելու համար ուրիշները այլ միշտ ներգրաւելու բոլորը»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հուսկ ընդգծեց, որ սոյն Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամներուն հանդիպումը կը յիշեցնէ նաեւ կարեւոր արժէք մը,  որ է միասին աշխատիլը՝ Աստուծոյ խօսքին համար,  նկատել տալով որ Իտալական Սուրբ Գիրքի ընկերակցութիւնը եղած է Իտալիոյ մէջ առաջին աստուածաբանական ընկերակցութիւններէն մէկը, քաջալերելով յառաջ երթալու իրենց առաքելութեան մէջ՝ օգնելու Աստուծոյ ժողովուրդը Տիրոջ օսքով սնուցանելու, որպէսզի Սուրբ Գիրքը միշտ ըլլայ բոլորին ժառանգութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2023, 11:45