Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնկոլիայի եպիսկոպոսներուն. «Փոքրութիւնը աղբիւր է. Կարեւոր է ճաշակել իսկական հաւատքը»

Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիայի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, միսիոնարներուն, անձինք նուիրեալներուն հետ հանդիպումն ու պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 2 սեպտեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 11,20ին, իսկ Իտալիոյ ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 5,20ին, Մոնկոլիա կատարած 43-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնկոլիայի մայրաքաղաք՝ Ուլանպաթարի մէջ առաքելական կառավարիչի պալատէն ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Պետրոս եւ Պօղոս սուրբերու անուան մայր տաճար, ուր դիմաւորուեցաւ Մոնկոլացի կնոջ մը կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց կապոյտ կտակով փաթթուած գաւաթ մը կաթ։

Նորին Սրբութիւն ապա ընկերակցութեամբ առաքելական կառավարիչին մուտք գործեց Մոնկոլիայի ժողովուրդի պատմութիւնն ու աւանդութիւնը խորհրդանշող յատուկ վրանի մը մէջ (GER), ուր հակիրճ հանդիպում ունեցաւ տասը տարի առաջ աղբի մէջէն Տիրամօր փայտէ արձանը գտած Տիկին Թերեզային հետ։ Տիրամօր փայտէ արձանը զետեղուած է սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս մայր տաճարին մէջ ու ճանչցուած է որպէս «Երկինքի Մայր» անունով։

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս անուան տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հանդիպեցաւ Մոնկոլիայի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, միսիոնարներուն, անձինք նուիրեալներուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներու հետ։

Մոնկոլիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին բարի գալուստի խօսքէն ետք վկայութիւններ տուին միսիոնարուհի մայրապետ մը ու Մոնկոլացի վարդապետ մը ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը՝ հուսկ վկայութիւն տուաւ հովուական ծառայութեան գործիչ մը։

Այս առթիւ արտասանած Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին նիւթի ներշնչումի աղբիւր եղաւ «Ճաշակեցէք եւ տեսէք, որքան քաղցր է Տէրը» սաղմոսը (Սաղմ 34, 9)

Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վկայութիւն տուողներուն, ապա անդրադառձաւ Մոնկոլիայի մէջ քրիստոնէական հաւատքի ծագումին նշելով, որ Մոնկոլիայի մէջ հաւատքը չպատկանիր անցեալ դարու իննսունական թուականներուն, այլ ունի հին արմատներ։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց 1310 թուականին Մոնկոլիոյ մէջ առաջին եպիսկոպոս Ճովաննի Տա Մոնթէքորվինոյին, որ Մոնկոլական լեզուով թարգմանած է Սաղմոսարանն ու նոր Կտակարանը։ Յիշեց նաեւ 1922ին Տիրամօր Անարատ յղութեան միսիոնարներուն ժամանումը՝ Մոնկոլիա, ինչպէս նաեւ Աւետարանի ծառաները, որոնք իրենց կեանքը ապրեցան Քրիստոսին համար ու այժմ կը վայելեն այդ հաւատքի հրաշալիքներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր արժեւորելով կղերական դասի անդամներուն Մոնկոլիայի մէջ կատարած առաքելութիւնը նշեց, թէ անոնք Մոնկոլիայի մէջ 31 տարիներու ընթացքին ձեռնարկեցին ու կեանք տուին բազմաթիւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններ, որոնք սպառեցին մեծ ուժեր եւ ցոլացուցին Քրիստոսի բարի սամարացիին ողորմած դիմագիծը։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց կղերական դասի անդամները շարունակելու ընթանալ այդ բեղուն եւ օգտակար ուղիին վրայ, սիրելի Մոնկոլացի ժողովուրդին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յարեց, որ Յիսուս իր աշակերտները աշխարհ առաքեց, ոչ թէ քաղաքական մտածումներ տարածելու համար, այլ կեանքով վկայելու՝ Իր հօր հետ յարաբերութեան նորութիւնը, որ դարձաւ «Հայր Մեր», ու յառաջացուց շօշափելի եղբայրութիւն՝ իւրաքանչիւր ժողովուրդին հետ։

«Եկեղեցին որ կը ծնի այս պատուէրէն, աղքատ եկեղեցի է, որ կը հիմնուի իսկական հաւատքի վրայ, Յարուցեալին զինաթափող զօրութեան վրայ, որ կարող է մեղմացնել վիրաւորուած մարդկութեան տառապանքները։ «Ահա ինչու պետութիւններն ու աշխարական հաստատութիւնները երբեք պէտք չեն վախնալ եկեղեցւոյ աւետարանումին առաքելութենէն, որովհետեւ եկեղեցին չ՝ունի յառաջ տանելու քաղաքական օրակարգ մը, այլ Ան լոկ կը ճանչնայ Աստուծոյ շնորհքի խոնարհ ուժը, ինչպէս նաեւ ողորմածութեան եւ ճշմարտութեան Խօսք մը, որ կարող է խթանել բոլորին բարիքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց քահանաները իրենց եպիսկոպոսները տեսնելու ոչ թէ որպէս գործավար, այլ որպէս Քրիստոսի Բարի հովիւին իսկական պատկեր, որ կը միացնէ ու կ՝առաջնորդէ իր ժողովուրդը։

Հաղորդութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ հաղորդութիւն բառին վրայ, յարելով թէ կարելի չէ եկեղեցին հասկնալ զուտ գործառական չափանիշի հիման վրայ, ըստ որուն եպիսկոպոսը կը չափաւորէ տարբեր բաղադրիչներ, գուցէ հիմնուելով մեծամասնութեան սկզբունքին վրայ, այլ եկեղեցին կարելի է հասկնալ հոգեւորական սկզբունքին ուժով, որով Յիսուս ներկայ կը գտնուի եպիսկոպոսին անձին մէջ ապահովուելու համար հաղորդութիւնը խորհրդաւոր Մարմնին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց միսիոնարները, միսիոնարուհիները, քահանաները անձնապէս հոգ տանելու ժողովուրդին, սորվելով անոնց լեզուն, յարգելով եւ սիրելով անոնց մշակոյթը, հաստատ մնալով Աւետարանին մէջ, հոգեւորական եւ բարոյական կեանքի տիպար ուղղամտութեան միջոցաւ ։

«Սիրելիներ այս աշակերտներու եւ միսիոնարներու ուղեւորութեան մէջ ունիք վստահելի զօրակցութիւն. Երկնային Մայրը, որ ուզեց իր խոհեմ ու ուշադիր ներկայութեան շօշափելի նշան տալ թոյլ տալով, որ իր պատկերը գտնուի աղբի մէջ։ Աղբերու վայրի մէջ յայտնուեցաւ այս Անարատ յղութեան շքեղ արձանը. Ան, որ անբիծ ու մեղքէ զուրկ է ուզեց այնքան մօտենալ նոյնիսկ շփոթուելով ընկերութեան մնացորդացի հետ, այդպէսով աղբի աղտոտութենէն յայտնուեցաւ Սրբուհի Աստուածամօր մաքրութիւնը։

Բարձրացնելով ձեր հայեացքը Մարիամին՝ հանգստացէք, ականատես ըլլալով որ փոքրութիւնը խնդիր մը չէ, այլ աղբիւր մըն է։ Այո, Աստուած կը սիրէ փոքրութիւնը եւ կը սիրէ մեծ բաներ գործել փոքրութեան միջոցաւ, ինչպէս Մարիամը կը վկայէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց կղերական դասի անդամները, վստահելու Տիրամօր հայցելով նոր եռանդ, ջերմեռանդ սէր, որ չյոգնիր Աւետարանը ուրախութեամբ վկայելու։

«Յառաջ գացէք. Տէրը ձեզ կը սիրէ, ան ձեզ ընտրեց եւ կը հաւատայ ձեզի։ Ես ձեր հետն եմ եւ ամբողջ սիրտով կ՝ըսեմ շնորհակալութիւն։ Շնորհակալութիւնը ձեր վկայութեան համար, շնորհակալութիւն Աւետարանին ի սպաս ձեր սպառած կեանքին համար», Ըսաւ Սրբազան Հայրը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2023, 10:30