Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կրթութիւնն ու խնամքը ազգերու իսկական յառաջդիմութիւնն է եւ ոչ թէ զէնքերը»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մոնկոլիայի մէջ կամաւորներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Վասնզի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք, ծարաւեցայ եւ ջուր տուիք», (Մատթ 25,35)։ «Այսպէս Տէրը մեզի կը շնորհէ Զինք աշխարհի մէջ ներկայ գտնելու չափանիշը ինչպէս նաեւ պայմանը մտնելու վերջնական Արքայութեան ուրախութեան մէջ՝ վերջին դատաստանի պահուն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Մոնկոլիայի Ուլանպաթար մայրաքաղաքին «Ողորմածութեան Տուն» կառոյցին մէջ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն կամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումի պատգամին սկիզբը դիտել տալով, որ «Եկեղեցին ի սկզբանէ լրջութեամբ վերաբերուեցաւ այդ ճշմարտութեան հետ, գործերով ցոյց տալով որ բարեգործութեան հարթութիւնն իր ինքնութեան հիմքն է»։

Ողորմածութեան Տուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով «Ողորմածութեան տուն» բարեսիրական կառոյցին, որուն մէջ կը գտնուի նշեց, թէ այդ կառոյցը ուրիշին խնամք տանելու շօշափելի արտայայտութիւնն է, որովհետեւ ուր որ հիւրընկալութիւն, հիւրասիրութիւն, մերձաւորին հանդէպ բացում կայ, կը շնչուի Քրիստոսի անուշահոտը, (2 Կորնթ 2,15)։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յարեց, որ իննսունական թուականին երբ միսիոնարները Ուլանպաթար հասան անմիջապէս զգացին եղբայրսիրութեան հրաւէրը ու սկսան խնամք տանիլ անօճախ , հիւանդ, հաշմանդամ, բանտարկեալ եղբայրներու եւ քոյրերուն ու բոլոր անոնց որոնք կը գտնուին տառապանքին պայմաններուն մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ իրեն համար շատ հաճելի է «Ողորմածութեան տուն» անունը, դիտել տալով որ այդ անունին մէջ կայ եկեղեցւոյ սահմանումը, որ կանչուած է ըլլալու հիւրընկալ օճախ, ուր բոլորը կրնան փորձարկել բարձր սէրը, որ կը յուզէ սիրտը, Հօր քնքուշ եւ նախախնամական սէրը, որ մեզի որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր կ՝ուզէ իր տան մէջ։

«Որպէսզի դա իրականայ, կամաւոր աշխատանքը այսինքն զուտ, անվճար եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը անփոխարինելի է ինչպէս նաեւ անձերը պէտք են ազատօրէն որոշել նուիրուիլ անոց որոնք կարիքի մէջ են, ոչ թէ նիւթական փոխհատուցման վրայ, այլ մերձաւորին հանդէպ մաքուր սէրով։ Սա է ծառայութեան ոճը որ Յիսուս սորվեցուց մեզի ըսելով« ձրի արի եւ ձրի տուէք» (Մատթ 10,8)։ «Արդարեւ ձրիութիւնը կը թեթեւցնէ հոգին, կ՝ամոքէ սիրտի վէրքերը, կը մօտեցնէ Աստուծոյ, կը բանայ ուրախութեան աղբիւրը, եւ ներքնապէս որպէս երիտասարդներ կը պահպանէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ ազգերու իսկական յառաջդիմութիւնը չի չափուիր տնտեսական հարստութեամբ եւ առաւել եւս այն իրողութեամբ թէ ինչքանով անոնք ներդրում կը կատարեն սպառազինութեան ցնորական ուժի մէջ, այլ մարդոց առողջութիւնը, կրթութիւնը, համապարփակ աճը ապահովուելու կարողութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ բարիք ընելու համար, հարուստ ըլլալը կարեւոր չէ, ընդհակառակը միշտ հասարակ անձերն են, որոնք իրենց ժամանակը ու սիրտը կը տրամադրեն ուրիշներու ծառայելու համար։

Ֆրանչիսկսս Պապ ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որուն համաձայն աշխարհի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կը բնորոշուի իր մեծ յանձնարարութեամբ ընկերային խթանման աշխատանքներու մէջ ու այս բոլորը կը կատարէ դաւանափոխութեան համար, կարծես թէ ուրիշներուն ծառայելը ձեւ մըն է՝ իր կողմը քաշելու համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ քրիստոնեաները կը ճանչնան անոնց, որոնք կարիքի մէջ են ու ամէն բան կը կատարեն՝ ամոքելու համար ցաւերը, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնեն Յիսուսը, Աստուծոյ Որդին ու Անոր մէջ իւրաքանչիւր անձին արժանապատուութիւնը, որ կանչուած է Աստուծոյ որդին ըլլալու։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ իրեն համար հաճելի է պատկերացնել այս «Ողորմածութեան տունը» որպէս այն վայրը ուր տարբեր դաւանանքներու անձեր նաեւ ոչ հաւատացեալներ կը միացնեն իրենց ուժերը տեղական կաթողիկէներուն հետ՝ կարեկցութեամբ օգնելու համար մարդկութեան մէջ բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ լոկ տնտեսական միջոցներով է որ խնամք կը տարուի մերձաւորներուն։ Նորին Սրութիւնը ընդգծեց, թէ Այո՛ եղբայրսիրութիւնը կը պահանջէ արուեստագիտութիւն, սակայն բարեսիրական նախաձեռնութիւնները պէտք չեն որ գործառնութիւններ դառնան, այլ պէտք են պահպանել բարեսիրական գործերուն թարմութիւնը, ուր ան որ կարիքի մէջ է կը գտնէ անձեր որոնք կարող են ունկնդրել եւ կարեկցիլ, առանց որեւէ փոխհատուցման։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յիշելով Մայր Թերեզայէն հետեւեալ դէպքը։ Լրագրող մը տեսնելով, թէ ինչպէս Մայր Թերեզան կը խնամէ հիւանդի մը գարշահոտ վէրքը Անոր ըսաւ «Այն ինչ որ կը կատարէք շատ գեղեցիկ է, սակայն ես անձնապէս այդ չեմ կրնար կատարել ոչ իսկ մէկ միլիոն տոլարին համար։ Մայր Թերեզան իր կարգին կը պատասխանէ ըսելով. «Ես ալ մէկ միլիոն տոլարի համար չեմ կատարեր։ Այդ կը կատարեմ Աստուծոյ սիրոյն համար։» Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ այս ձրի ոճը դառնայ Ողորմածութեան տան յաւելեալ արժէքը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2023, 08:31