Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մենք ծարաւն ունինք սիրոյ` որովհետեւ միայն սէրն է, որ յագեցնէ իսկապէս»

Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիայի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը, որուն մասնակցեցան ըստ պաշտօնական տուեալներուն 2000 մօտ հաւատացեալներ, եկած բացի Մոնկոլիայի տարբեր վայրերէն, նաեւ Մոնկոլիայի սահմանակից երկիրներէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 3 սեպտեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 3ին, Իտալական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9ին, Մոնկոլիայի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող առաքելական կառավարիչի պալատէն Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ 2019 թուականին կառուցուած «La steppe Arena», Hockeyի մարզադաշտ, ուր աւելի քան 2000 հաւատացեալներուն ներկայութեամբ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին նիւթը եղաւ հետեւեալ սաղմոսը.

«Ով Աստուած, Հոգիս ծարաւի է քեզի, մարմինս քեզմով կը տոչորի, զերդ երկիր ցամքած, անջրդի եւ ծարաւի եւ ուր չկայ ճանապարհ, (Սաղմ 63, 2)»։

«Այս գեղեցիկ աղերսը կ՝ընկերանայ մեր կեանքի ճամբորդութեան անապատներուն մէջ՝ որ կանչուած ենք անցնելու։ Այս չոր հողին մէջ մեզի կը հասնի լուր մը. մեր ուղեւորութեան մէջ մինակ չենք. Մեր չորութիւնը չ՝ունի կարողութիւն մեր կեանքը միշտ անպտուղ դարձնելու ու մեր ծարաւութեան աղերսը երբեք անլսելի չդառնար։ Հայր Աստուածը Իր Որդին ուղարկեց՝ Սուրբ Հոգիին կենդանի ջուրը մեզի տալու, մեր հոգին յագեցնելու համար։ Եւ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ուղին՝ ծարաւը անցնելու համար. Սիրոյ ուղին է, որ ան անցաւ մինչեւ ծայր, մինչեւ խաչը, որուն վրայ մեզ հրաւիրեց իրեն հետեւելու, կորսնցնելով կեանքը՝ նոր վերագտնելու համար»,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա խօսքը կեդրոնացուց հետեւեալ երկու երեւոյթներու կէտերու. վրայ. Ծարաւը մեր մէջ կը բնակի ու սէրը մեզ կը յագեցնէ։

Ծարաւը մեր մէջ կը բնակի

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ հրաւիրեց ճանչնալու մեր մէջ ապրած ծարաւը։ «Սաղմոսերգուի մէջ ոգեկոչուած անապատը կը վերաբերի մեր կեանքին. Մենք ենք այդ չոր հողը, որ ծարաւը ունի մաքուր ջուրին, ջուր մը որ խորապէս կը յագեցնէ։ Մեր սիրտն է որ կը փափաքի բացայայտել ճշմարիտ ուրախութեան գաղտնիքը, այն ուրախութիւնը որ նոյնիսկ գոյութենական չորութեան մէջ կրնայ մեզի ընկերանալ ու աջակցիլ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, քրիստոնեայ հաւատքը կը պատասխանէ այդ ծարաւին, ան լուրջ կը վերաբերի, զայն արմատախիլ չըներ, ոչ ալ կը փորձէ հանգստացնել ամոքիչ կամ փոխարինող միջոցներով։ Քանզի այս ծարաւին մէջ կայ մեր մեծ խորհուրդը, ան մեզի կը բանայ կենդանի Աստուծոյ, սիրոյ Աստուծոյ առջեւ, որ մեզի դէմ յանդիման կու գայ՝ մեզ իր զաւակները դարձնելու եւ մեր միջեւ եղբայրներ եւ քոյրերը դարձնելու։

Սէրը մեզ կը յագեցնէ

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, «Վստահ, երբեմն մենք մեզ կը զգանք որպէս անապատի հող, չոր եւ ջուրէ զուրկ, սակայն նոյնքան ճշմարիտ է, որ Աստուած հոգ կը տանի մեզի եւ մեզի կը շնորհէ յագեցնող մաքուր ջուր, սուրբ Հոգիին ջուրը, որ հոսելով մեր վրայ մեզ կը վերանորոգէ՝ փրկելով մեզ չորութեան վտանգէն։ Եւ դա մեզի կը շնորհէ Յիսուսը։

Եթէ մտածենք, թէ մեր կեանքի չորութիւնները յագեցնելու համար բաւ են զօրութիւնը, կարողութիւնը ու նիւթական բաները, դա աշխարհիկ մտայնութիւն է, որ ոչ մէկ բարի բան կը բերէ՝ այլ ընդհակառակը մեզ աւելի չոր կը դարձնէ։ Յիսուս ինք է, որ մեզի ցոյց կու տայ ուղին « Եթէ մէկը ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող ինքզինք ուրանայ եւ իր խաչը առած ետեւէս գայ։ Վասնզի ով, որ ուզէ իր անձը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն եւ որ իր անձը ինծի համար կորսնցնէ՝ պիտի գտնէ զայն», (Մատթ 16,24-25)։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կեանքին  մէջ լաւագոյն սա է, գրկել Քրիստոսի խաչը։ Յիսուս կը հրաւիրէ ու կը յայտնէ բոլորին, այս Մոնկոլիայի երկրին, թէ կարիքը չկայ հարուստ եւ կարող ըլլալու՝ երջանիկ դառնալու համար։ Լոկ սէրն է, որ կը յագեցնէ սիրտը, միակ սէրը,  կ՝ամոքէ մեր վէրքերը, միայն սէրն է, որ կու տայ իսկական ուրախութիւնը։ Սա է ուղին զոր Յիսուս սորվեցուց մեզի ու բացաւ բոլորիս համար։
Մենք եւս անսանք Տիրոջ Պետրոս առաքեալին ըսած խօսքը «Ետեւէս եկուր» (Մատթ 16,23), որ կը նշանակէ դարձիր աշակերտը, կատարէ միեւնոյն ուղին որ ես կը կատարեմ եւ մի մտածեր աշխարհին համաձայն։

Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքով պիտի կարենանք ընթանալ սիրոյ ուղիին վրայէն։ Նոյնիսկ եթէ սիրել կը նշանակէ՝ ուրանալ մեր անձը, պայքարիլ անձնական եւ աշխարհի եսասիրութիւններուն դէմ, ու վտանգի ենթարկուիլ եղբայրութեան մէջ ապրելու համար։

Որովհետեւ, եթէ շիտակ է թէ, այն ամէն ինչ, որ զոհողութիւն եւ յոգնութիւն կ՝արժէ ու երբեմն՝ կը նշանակէ խաչի վրայ բարձրանալ, աւելի շիտակ է նաեւ, որ երբ մեր կեանքը կը կորսնցնենք Աւետարանին համար, Տէրը մեզի առատութեամբ կու տայ, լի սէրով եւ ուրախութեամբ, յաւիտենականութեան համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2023, 10:55