Միջուկային զէնքեր Միջուկային զէնքեր  (©Scanrail - stock.adobe.com)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Աշխարհը շարունակ թիրախ է կտոր կտոր պատերազմներուն»

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականին 60 ամեակի առթիւ կազմակերպուած համագումարի մասնակիցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց «Խաղաղութիւնը երկրի վրայ, պատերազմ եւ խաղաղութեան խոչընդոտներ», խորագիրով, Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններուն կաճարի եւ Peace Research Institute di Oslo հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարին մասնակիցներու, ի յիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին շրջաբերականին 60 ամեակին։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց «Խաղաղութիւն երկրի« վրայ շրջաբերականի նուիրուած համագումարի գումարումը, «որովհետեւ այս աշխարհը կը շարունակէ թիրախ դառնալ մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմին, ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու միջուկային ռումբերու օգտագործման սպառնալիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս ԻԳ.ի շրջաբերականէն հատուած մը «Պետութիւններուն միջեւ ինչպէս նաեւ անհատներու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք են կարգաւորուիլ, ոչ թէ զէնքի ուժով այլ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հաւատարիմ գործակցութեան սկզբունքներով», համագումարին մասնակիցներէն խնդրեց, որ իրենց քննարկումներու մէջ ներառնեն նաեւ կարգապահ բարոյական արտացոլում՝ միջուկային զէնքի շարունակական տիրապետման հետ կապուած վտանգներուն, զինաթափման նոր յառաջընթացի հրատապ անհրաժեշտութեան եւ խաղաղութեան կերտման նախաձեռնութիւններուն զարգացման վերաբերեալ։

Ֆրանչիսկս Պապ պատգամին մէջ մէջբերեց նաեւ Հիրոշիմայի խաղաղութեան յիշատակի նուիրուած իր պատգամէն հաստուած մը ,որուն մէջ իր համոզմունքը յայտնած է, թէ «միջուկային ուժի օգտագործումը ի շահ պատերազմի անբարոյական է , անբարոյական է նաեւ միջուկային զէնքերը ունենալը»։

«Մարդասիրական սկզբունքները որոնք ներշնչեցին, pacem in terris շրջաբերականի խօսքերը թող վաւեր ըլլան նաեւ այսօր այնպէս ինչպէս գրուեցան առաջին անգամ 50 տարի առաջ» նշեց Սրբազան Հայրը, Ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնելով համագումարի զեկուցողներուն, մասնակիցներուն փոխանցեց Յովհաննէս Պօղոս ԻԳ Պապին շրջաբերականին մէջ յայտնած մաղթանքը Աստուծոյ ներշնչումով եւ զօրութեամբ թող որ բոլոր ժողովուրդները կարենան ողջագուրուիլ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր եւ խաղաղութիւնը՝ որուն կը ձգտին թող միշտ ծաղկի եւ իշխէ իրենց միջեւ»։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 14:45